ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Զայիտ էլ Նահիան երէկ Տոհայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթը։ Առաջին անգամ Իսրայէլէն վարչապետի մակարդակի վրայ պաշտօնական այցելութիւն կ՚իրականացուի դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկումներու ընթացքին առաջնահերթութիւն ընծայուեցաւ տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերու։

Աւելի քան երկու ժամ տեւեց Էլ Նահիանի եւ Պենեթի զրոյցը, որու ընթացքին կողմերը շեշտեցին իրենց պատրաստակամութիւնը՝ փոխադարձ շահերը զարգացնելու եւ երկկողմանի համագործակցութեան ու համատեղ քայլերու զարկ տալու ուղղութեամբ՝ տարածաշրջանէ ներս կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման նպաստելու նպատակով։

Նաֆթալի Պենեթի այս ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Իսրայէլ Իրանի հիւլէական գործունէութեան դէմ թափ կու տայ դիւանագիտական քայլերու։

2020 թուականին Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած արարողութիւնով մը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները փաստաթուղթ մը ստորագրած էր Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններ մշակելու համար։ Եգիպտոսէ եւ Յորդանանէ վերջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եղած էր՝ Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած երրորդ արաբական երկիրը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2021