ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՄՕՏ ՀԻՒՐ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կաթողիկոսին այ­ցե­լեց Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Նա­պիհ Պը­րիի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եւ «Ա­մալ» կու­սակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան դի­ւա­նի ա­տե­նա­պետ Շէյխ Հա­սան Նաս­րի՝ պա­տուի­րա­կու­թեան մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Նո­րին Սրբու­թեան փո­խան­ցեց Նապիհ Պը­րիի եւ «Ա­մալ» կու­սակ­ցու­թեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը:

Հան­դի­պու­մը ա­ռիթ մը հան­դի­սա­ցաւ ընդ­հա­նուր քննար­կու­մի են­թար­կե­լու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ու յատ­կա­պէս Լի­բա­նա­նի առըն­չուած հար­ցեր: Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշ­տեց Լի­բա­նա­նը շրջա­նա­յին հար­ցե­րէն հե­ռու պա­հե­լու, նա­խա­գա­հա­կան շու­տա­փոյթ ընտ­րու­թիւն կա­տա­րե­լու եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ժո­ղո­վա­կան կեան­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2016