ՄԻՇՏ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ մայրաքաղաք Անգարա, ուր ունեցաւ կարեւոր հանդիպումներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս ան արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի։ Նորին Ամենապատուութիւնը գահ բարձրանալէ վերջ առաջին անգամ այցելեց Անգարա։ Նախագահ Էրտողան այս կապակցութեամբ շնորհաւորեց զինքը եւ առիթէն օգտուելով արտայայտեց իր ամուր հոգածութիւնը՝ Թուրքիոյ հայ համայնքին նկատմամբ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահը ընդգծեց, որ հայ համայնքը անուրանալի արժէք մըն է մեր երկրին համար եւ ինք միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ զայն՝ պատմական նշանակութիւնով հանդերձ։

Պեշթեփէի հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերացան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի դիւանապետ ու լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Էրտողանի կողքին էին Ներքին գործոց նախարարի խորհրդատու Մուհթերէմ Ինճէ, նախագահական աշխատակազմէն՝ Հասան Տողան եւ Ալի Ասլան, ինչպէս նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնի նորանշանակ պաշտօնակատար Պուրհան Էրսոյ։

Օրուան տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Անգարայի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը մինչեւ մօտաւոր անցեալը Իսթանպուլի կուսակալն էր եւ կը տիրապետէ մեր համայնքի վերաբերեալ նիւթերու մանրամասնութիւններուն։

Յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ ներկայացուած է երէկուան այցելութիւններուն վերաբերեալ Պատրիարքարանի Դիւանին կողմէ այս առաւօտ համայնքային մամուլին տրամադրուած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ

Մինչ այդ, երէկուան հանդիպումներուն կապակցութեամբ այս առաւօտ շօշափեցինք Պետրոս Շիրինօղլուի կարծիքը։ Առաջին հերթին ընդգծելով իր խոր երախտագիտութիւնը նախագահ Էրտողանի նկատմամբ՝ Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ բոլոր հանդիպումները անցած են շատ դրական մթնոլորտի մը մէջ, բարձր տրամադրութեամբ։ Ինչպէս միշտ, նախագահ Էրտողան շատ պատրաստակամ վերաբերմունք ցոյց տուած է մեր համայնքի հարցերուն նկատմամբ։ Երէկուան հանդիպումներու բուն շարժառիթը մեր նորընտիր Սրբազան Պատրիարք Հօր պետական աւագանիին ներկայանալն էր։ Այս առումով Պեշթեփէի պալատին մէջ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը ամբողջութեամբ արդարացած է։

Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ հարցերու լուծման հեռանկարներուն շուրջ եւս ծաւալուած են շատ դրական եւ յուսալից քննարկումներ։ Նախագահ Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները անդրադարձած են՝ փոքրամասնութիւններու համայնքային հաստատութիւններու առկախեալ ընտրութիւններու խնդրին։ «Երկար ժամանակէ ի վեր մեզի կը յանձնարարուի պատրաստել ընտրութեան կանոնադրութեան նախագիծ մը։ Երէկ ալ կրկնը-ւեցաւ նոյնը։ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ ընտրութիւններու խնդրին շուրջ աշխատանքները պէտք է շարունակուին Պուրհան Էրսոյի հետ, որ վաքըֆներու նախկին ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի փոխարէն պաշտօնի կոչուած է», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու եւ աւելցուց, որ ընդհանրական լիազօրութեամբ աշխարհական կեդրոնական մարմնի մը ձեւաւորման գաղափարն ալ կը գտնուի հասունացման հունի մէջ։ «Սա շատ կարեւոր հարց մըն է մեր հաստատութիւններու հաշիւները քննելու, կալուածները հաւասարակշռելու եւ համայնքի ընդհանուր ունեցուածքի միջոցներու առաւել արդիւնաւէտ արժեւորման տեսակէտէ։ Եթէ նոյնիսկ անցեալի մէջ եղած ձեւով կեդրոնական վարչութիւն մը ունենալ հնարաւոր չըլլայ այսօրուան պայմաններով, պէտք է լուծում մը գտնել այս հարցին», շարունակեց Շիրինօղլու։

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուաւ նաեւ, որ ինք երէկ եւս օրակարգի վրայ բերած է հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու հարցը։ Հանրապետութեան նախագահը հերթական անգամ զգալի դարձուցած է իր կամքը, որպէսզի այս խնդիրը արդար ու բարւոք լուծում մը ունենայ։ Շիրինօղլու վերջին շրջանին շարք մը նոր փաստաթուղթեր ալ ներկայացուցած է նախագահական աշխատակազմին։ Ուստի, ան լիայոյս է, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի արդարանան մեր համայնքի ակնկալութիւնները։

Մեր զրոյցի աւարտին Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ներկայիս ունի ազատօրէն գործելու դաշտ մը։ «Ես լիայոյս եմ, որ ան գործի պիտի ձեռնարկէ մեր կուտակուած խնդիրներուն լուծում որոնելու նպատակով՝ գիտակցելով, որ այլեւս բոլորի պատրիարքն է», եզրափակեց Շիրինօղլու։

Չորեքշաբթի, Յունուար 15, 2020