«ԽԵԼԱՑԻ» ՎԶԿԱԼ

Հարաւային Քորէայի մէջ վաճառքի հանուած է շուներու զգացումները ստուգող «խելացի» վզկալ, որ կրնայ որոշել կենդանիի յոյզերը՝ հիմնուելով հաչոցի վրայ: Այս լրատուութիւնը կատարած է «Reuters» գործակալութիւնը:

Ըստ «Petpuls» ընկերութեան շուկայավարման տնօրէն Էնտրու Կիլի՝ վզկալը շուներու տէրերուն հնարաւորութիւն կու տայ հասկնալ իրենց կենդանիները: Սարքը կրնայ ստուգել հինգ յոյզեր՝ երջանկութիւն, հանգստութիւն, անհանգստութիւն, զայրոյթ, ինչպէս նաեւ տխրութիւն: Զգացմունքային վիճակի մասին տեղեկութիւնները կը ստացուին գրպանի հեռաձայններու յաւելուածի միջոցով:

Սարքը ունի յատուկ ալկորիթմ, որ մշակուած է 50 տարբեր ցեղատեսակներու աւելի քան 10 հազար հաչոցներու ձայնագրութիւններու վերլուծութեան հիման վրայ։ Այս միջոցով տէրերը կրնան հասկնալ իրենց կենդանիներու զգացմունքները։

Ընկերութիւնը սկսած է այդ տուեալները հաւաքագրել 2017 թուականէն սկսեալ: Երեք տարի վերջ աշխատանքները աւարտած են: Սարքը վաճառքի հանուած է 2020 թուականի հոկտեմբերին եւ կ՚արժէ 99 ամերիկեան տոլար:

«Ես այն կարծիքին էի, որ երբ կը խաղանք շունին հետ, ան ուրախութիւն կը զգայ, իսկ երբ տունը չեմ, անհանգիստ է: Իրականութիւնը պարզուած է, որ ան կը զայրանայ, երբ կը պարտուի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մարդը», ըսած է վզկալի գնորդներէն մէկը:

Ալկորիթմի ճշգրտութիւնը ստուգուած է Սէուլի ազգային համալսարանին կողմէ: Համաձայն անոնց փորձերու արդիւնքներուն՝ այն կազմած է 90 առ հարիւր:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021