«ՀԱՅ ՓՈՔՐԻԿ ԵՐԳԻՉՆԵՐ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ

«Հայ փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբը ներկայացուցած է Արցախի պատերազմի հերոսներուն նուիրուած համերգի տեսագրութիւնը։

«Հայ փոքրիկ երգիչներ» միջազգային ընկերակցութիւնը 2020 թուականի դեկտեմբերին՝ Երգչախմբային արուեստի համաշխարհային օրուայ առթիւ  կազմակերպած էր համերգ մը, որ նուիրած էր Արցախի պատերազմի հերոսներուն: Ընկերակցութիւնը հրապարակած է համերգի տեսագրութիւնը:

Համերգին մասնակցած է վեց երգչախումբ՝  Հայաստանէն ու Արցախէն եւ եօթը երգչախումբ առցանց՝  Բերդէն (Հայաստան), Գերմանիայէն, Իսրայէլէն, Լիթվայէն, Մոլտովայէն, Զուիցերիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: Համերգը նոյնաժամանակ հեռարձակուած է Երգչախմբային արուեստի համաշխարհային դաշնակցութեան եւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երգչախումբի ֆէյսպուքի էջերուն մէջ:

1990 թուականէն ի վեր Երգչախմբային արուեստի համաշխարհային դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ ամէն տարի դեկտեմբերին կը նշուի Երգչախմբային արուեստի միջազգային օրը: Այդ օրը հարիւր հազարաւոր երգչախումբեր բոլոր մայրցամաքներէն ելոյթներով կը միանան տօնին:

2006 թուականէն ի վեր ամէն տարի Հայաստան, ի դէմս Տիգրան Հեքեքեանի ղեկավարած «Հայ փոքրիկ երգիչներ» միջազգային ընկերակցութեան, տարբեր ձեւաչափերով կը միանայ այս տօնին:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021