ԱՌՆՕ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ

«Առնօ Բաբաջանեան-100». Հայաստանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը տարուայ առաջին համերգը կը նուիրէ աշխարհահռչակ յօրինողին։

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը 2021 թուականի առաջին համերգը կը նուիրէ Առնօ Բաբաջանեանի 100-ամեայ յոբելեանին։ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի քամերային երաժշտութեան համերգաշարի շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենայ սոյն համերգը, որ նուիրուած է Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան տարեդարձին՝ յառաջիկայ յունուարի 22-ին, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ:

Երեկոյին հանդէս կու գան ջութակահար Անուշ Նիկողոսեան, թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեան եւ դաշնակահար Հայկ Մելիքեան: Համերգին կը հնչեն Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները։

Նախաձեռնութիւնը կ՚իրականացնէ Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան միատեղ:

Հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, Խորհրդային Միութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակներու դափնեկիր Առնօ Բաբաջանեան, որ ծնած է 1921 թուականի յունուարի 22-ին՝ Երեւանի մէջ, հայկական երաժշտարուեստի ամենաինքնատիպ դէմքերէն մին է, երգի նշանաւոր վարպետ: Առնօ Բաբաջանեան 1929 թուականին ընդունուած է Երեւանի երաժշտանոցին կից երաժշտական դպրոցը: 1947 թուականին աւարտած է նոյն երաժշտանոցի ստեղծագործական, 1948 թուականինին՝ Մոսկուայի երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժինները: 1946-1948 թուականներուն միաժամանակ կատարելագործուած է Մոսկուայի Հայ մշակոյթի տան երաժշտական աշխատանոցին մէջ: 1950-1956 թուականներուն դասաւանդած է Երեւանի երաժշտանոցէն ներս: Ան որպէս դաշնակահար՝ հռչակ վայելած է յատկապէս իր ստեղծագործութիւններու կատարմամբ: Անոր ստեղծագործական ոճը ձեւաւորուած է հանրայայտ յօրինողներ Արամ Խաչատրեանի եւ Սերկէյ Ռախմանինովի ազդեցութեամբ: Ան առաւել արտայայտուած է անոր առաջին երկու գործերուն՝ դաշնամուրի եւ ջութակի քոնչերթոներուն մէջ: Սակայն Բաբաջանեանի ստեղծագործական անհատականութիւնը դրսեւորուած է յատկապէս դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար գրած «Հերոսական պալլատ»ին, ապա՝ դաշնամուրային թրիոյին մէջ: Բաբաջանեանի ինքնատիպ ոճը դրսեւորուած է նաեւ ջութակի ու դաշնամուրի սոնաթի, թաւջութակի քոնչերթոյի մէջ: Անոր «Վաղարշապատի պար», «Փրելիւտ» եւ «Էքսպրոմտ» գործերը արժանացած են բարձր գնահատանքի: Մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են «Էլեգիա», «Հայկական ռապսոդիա» (համահեղինակ՝ Ալեքսանդր Յարութիւնեան), «Նոկտիւռն» ստեղծագործութիւնները: Նորարարական առանձնայատկութիւններով օժտուած են «Պոլիֆոնիկ սոնաթ»ը, յատկապէս՝ «Վեց պատկեր»ը: Բաբաջանեանի քուարթէթը նուիրուած է Տիմիթրի Շոստաքովիչի յիշատակին: Յօրինողի բացառիկ տաղանդը խոր զգացմունքայնութեամբ դրսեւորուած է նաեւ անոր երգերուն մէջ: Հանրայայտ են Բաբաջանեանի «Երկրագնդի լաւագոյն քաղաքը», «Կամուրջներ», «Գուշակիր ցանկութիւնս», «Մի շտապիր» եւ այլ երգեր, որոնք կատարուած են Խորհրդային Հայաստանի եւ արտասահմանի մէջ: Գրած է նաեւ երաժշտութիւն թատրոնի եւ հայկական շարժապատկերներու համար:

1991 թուականին՝ Մոսկուայի, 1996 թուականին Երեւանի մէջ ստեղծուած են «Առնօ Բաբաջանեան» հիմնադրամները:

Երեւանի մէջ Բաբաջանեանի անունով կոչուած են Հայֆիլհարմոնիայի փոքր դահլիճը, փողոց, երաժշտական ուսումնարան, 2003 թուականին կանգնեցուած է յուշարձանը, որ գործն է քանդակագործ Դաւիթ Բեջանեանի։ Առնօ Բաբաջանեան 1983 թուականի նոյեմբերի 11-ին մահացած է Մոսկուայի մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021