ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՍԿՍԱՒ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻԻ ՀԱՄԵՐԳՆԵՐՈՒ

Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը վերսկսաւ «Երաժշտական հինգշաբթի Խաչատուրեանի տանը» ծրագիրը։ Այսպէս, Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը այս տարուայ «Երաժշտական հինգշաբթի Խաչատուրեանի տանը» ծրագրի առաջին համերգը նուիրեց հայ երաժիշտներու լաւագոյն բարեկամ Ռուբէն Բաբայեանի յիշատակին:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ համերգային ծրագիրը տեղի ունեցաւ երէկ, Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին մէջ: Երեկոյին ելոյթ ունեցան դաշնակահարներ Արմինէ Գրիգորեան, Սօնա Բարսեղեան, մեցցօ-սոփրանօ Աննա Մայիլեան, թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան, ջութակահար Կարէն Շահկալտեան եւ ալդահար Մաքսիմ Նովիկով: Համերգը վարեց Նարինէ Աւետիսեան:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021