ԱՒԱԶՈՎ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Գանատացի նկարիչը արուեստի 3D գործեր կը ստեղծէ աւազի օգնութեամբ։

Գանատայի Թորոնթօ քաղաքի արուեստի աշխատանոցներէն մէկուն մէջ մասնագիտացած են 2D եւ 3D աշխատանքներու ստեղծագործութեամբ:

«Oddity Central»ի համաձայն, իւրայատկութիւնը անոնց պատրաստման թեքնիքն է: Այստեղ մասնագէտները մեծ վարպետութեամբ տարբեր պատկերներ կը ստանան՝ ճիշդ համադրելով աւազի շերտերն ու գոյները թափանցիկ տարաներու մէջ:

Աշխատանոցը 2018 թուականին հիմնած է նկարիչ Ճէյմս Սան: Այս ընթացքին ան յաջողած է կատարելագործել իր թեքնիքը եւ հետեւորդներու առաւել մեծ լսարան հաւաքել:

Աւազէ արուեստի գործերուն վրայ կը պատկերուին ամենատարբեր կերպարներ՝ դիմանկարներէն եւ կենդանիներու պատկերներէն մինչեւ պատկերանշաններ եւ շնորհաւորական ուղերձներ:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021