ԻԿՈՐ ՓՈՓՈՎ ՀԵՐՔԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐԸ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով վերջին օրերուն հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին նախորդած պայմաններուն ներքեւ՝ հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի նրբութիւններուն։ Ռուս դիւանագէտը, ըստ էութեան, այս յայտարարութիւններով պատասխանեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ վերջերս հրապարակուած յօդուածին։ Այսպէս, Նիկոլ Փաշինեան պնդած էր, որ Մոսկուա արդէն կ՚առաջարկէր Ատրպէյճանին յանձնել՝ Արցախի յարակից եօթ շրջանները, առանց կարգավիճակի հարցի լուծման անդրադառնալու։ Իկոր Փոփով վարչապետի այդ պնդումներու լոյսին տակ նշեց, որ բանակցային գործընթացի ընթացքին Ռուսաստան չէ առաջարկած «այդպէս իսկ» Ատրպէյճանին յանձնել եօթ շրջանները, առանց Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի լուծման անդրադառնալու։ Փոփովի յայտարարութիւններուն մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Ռուսական առաջարկներու անուան տակ, հաւանաբար, նկատի կ՚առնուի փուլային կարգաւորման ծրագիրը, որու վերջին խմբագրումը կողմերուն տրամադրուած է 2019 թուականի յուլիսին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ։ Այդ ծրագիրը մեծամասնութեամբ կը համընկնի Քազանի փաստաթուղթին հետ եւ անոր հիմքին կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական սկզբունքները, որոնց շարքին՝ Ատրպէյճանի հինգ շրջաններու վերադարձն է առաջին փուլով, իսկ երկրորդ փուլով՝ երկու շրջանի վերադարձ, ընդ որում, յատուկ կը շեշտուի, Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման հետ փոխկապակցուած։ Առաջին փուլին Երեւանի հետաքրքրութիւնները արտացոլող այլ տարրերէն է՝ ԵԱՀԿ-ի նիստերուն Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան ապահովումը, ապաշրջափակումը, սահմաններու բացումը, կողմերու՝ ուժ չկիրառելու պարտաւորութիւններու ընդունումը։ Այդ պատճառով՝ պնդել, որ Ռուսաստան առաջարկած է վերադարձնել եօթ շրջանները «այդպէս իսկ» մոռնալ կարգավիճակի մասին եւ հանդարտիլ, իրականութեան չի համապատասխաներ»։

Իկոր Փոփովի մատնանշումներով, ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի խնդրի լուծման տարբերակներուն, ապա վերջին տարիներուն բանակցային սեղանին վրայ դրուած առաջարկները կը նախատեսէին Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծել ՄԱԿ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ համաժողովրդական քուէարկութեան կազմակերպումով՝ կողմերու համաձայնութեամբ, որու որեւէ արդիւնք ընդունելի կ՚ըլլայ անոնց համար։

«Ի դէպ, Լաչինի միջանցքի լայնութիւնն ու կարգավիճակը նոյնպէս կ՚առաջարկուէր քննարկել միայն երկրորդ փուլին՝ հաշուի առնելով Քելպեճէրի եւ Լաչինի շրջաններու վերադարձը Ատրպէյճանին։ Թէ՛ հայկական եւ թէ ատրպէյճանական կողմերը չեն մերժած այդ առաջարկները, սակայն լիակատար համաձայնութեան հասնիլ չէ յաջողուած։ Բայց կարեւորը այն է, որ բանակցութիւնները ընթացած են պարբերական հիմքով։ Ընդհուպ 2018 թուականին, երբ Երեւան առաջ կը քշէր նոր մօտեցումներ», եզրափակած է իր յայտարարութիւնները Իկոր Փոփով։

Հարկ է յիշեցնել, որ Նիկոլ Փաշինեան 4 յունուարին հրապարակած էր յօդուած մը, որով պնդած էր, թէ 2013-ին ծնած եւ 2015-ին վերջնական ձեւակերպում ստացած էին այժմ արդէն հանրայայտ ռուսական առաջարկները, որոնք կը նախատեսէին եօթ շըր-ջաններու Ատրպէյճանին վերադարձուիլը եւ ծրարը որեւէ ձեւով չէր անդրադառնար Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցին, կը շրջանցէր այս մէկը։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ յայտնեց, որ հակասութիւն չի տեսներ Նիկոլ Փաշինեանի յօդուածին եւ Իկոր Փոփովի հրապարակած մանրամասնութիւններուն միջեւ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021