ԻՆՉՈ՞Վ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ Է ԿՈՒՌՔ ՈՒՆԵՆԱԼԸ

«Եթէ վարչապետի թեկնածուն նոյնիսկ սպիտակ թուղթ ներկայացնէ, ես անոր կողմ պիտի քուէարկեմ»։ Այսպիսի բան մը ըսած էր յեղափոխական երեսփոխաններէն մին՝ 2018 թուականի մայիսին Հայաստանի մէջ ծաւալուած իրադարձութիւններու ժամանակ։ Այսինքն՝ պատգամաւորը իր առաջնորդին այնքան կը վստահէր, որ անոր համար որեւէ նշանակութիւն չունէր, թէ ի՛նչ ծրագրեր պիտի ներկայացնէր եւ իրականացնէր ապագայ կառավարութիւնը։ Եւ սա ոչ միայն տուեալ պահու եւ տուեալ պատգամաւորի խնդիրն է։ Այդ մտածելակերպը արդէն երեսուն տարիէ ի վեր կը գերիշխէ մեր հասարակական կեանքին մէջ եւ այդպէս կը մտածեն հարիւր հազարաւոր մարդիկ։ Անոնք կը ստեղծեն կուռք մը, սիւփեր հերոս մը, կամ, եթէ նման յատկանիշներու տէր մարդ մը չեն տեսներ, ապա կը սպասեն անոր գալուն։ Երկու պարագային ալ կարեւոր չէ, թէ սիւփեր հերոսը ի՛նչ ըրած է, ի՛նչ կ՚ընէ եւ ի՛նչ պատրաստումով կ՚ընէ՝ կարեւոր է, որ զայն կը սիրեն, զայն կը պաշտեն եւ անոր կը վստահին։

Մեր հասարակութեան մէջ այժմ նոյն վիճակն է. մէկ մասը կը շարունակէ պաշտել Նիկոլը (ի հեճուկս իր խայտառակ ձախողումներուն, բայց սէրը, ինչպէս գիտէք կոյր է), մէկ մասը կը մերժէ Նիկոլը, մէկ մասն ալ կը հարցնէ՝ եթէ ոչ Նիկոլը, ապա ո՞վ։ Նշանակութիւն չունի այս բոլորի տոկոսային յարաբերութիւնը, էականը այն է, որ այդ երեք մոտելներն ալ հիմնուած են անձնական վերաբերմունքի վրայ, իսկ այդ մօտեցումերով պետական կառոյցներ չեն ստեղծուիր եւ չեն գործեր։ Մեր քաղաքացիներու մեծ մասը կը փափաքի տեսնել հրաշագործ մը, որ իր բացառիկ պարկեշտութեան եւ տաղանդի շնորհիւ պիտի ապահովէ անոնց երջանիկ եւ բարեկեցիկ կեանքը։

Ի՞նչով վտանգաւոր է այդ մօտեցումը։ Երբ ես կուռք մը կը ստեղծեմ, ես կը դադրիմ ինքնուրոյն մտածելէ եւ կեանքի երեւոյթները գնահատելէ, ես կը թօթափեմ իմ ուսերէն այդ պատասխանատուութիւնը։ Ի՞նչ կարիք կայ այս կամ այն երեւոյթի կամ իրադարձութեան վերաբերեալ սեփական կարծիք կազմելու, եթէ կայ առաջնորդ մը, որուն ես կը վստահիմ. ան կ՚ըսէ, թէ ի՛նչ պէտք է մտածել կամ ի՛նչ պէտք է ընել։ Ինչպէս իմ կուռքը կ՚ըսէ, այդպէս ալ կը վարուիմ, որովհետեւ ան միշտ ճիշդ է։ Իսկ եթէ նման կուռք մը չկայ, իմ մտածելու միակ առարկան պիտի ըլլայ այդ սիւփեր հերոսի փնտռտուքը։ Ինչ խօսք, իսկական պետութեան իսկական քաղաքացի մը ըլլալը ծանր բեռ մըն է, որմէ հայաստանցիներու մեծ մասը կը ձգտի խուսափիլ։

Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021