ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԲՈՒԺԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐՈՒՆ

Ռուսական թատրոնը հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժիշկներուն։ Այսպէս, Սթանիսլավսքիի անուան ռուսական տրամաթիքական թատրոնը պատերազմի ընթացքին բժիշկներու անձնուէր աշխատանքը գնահատելու, արժեւորելու նպատակով նախաձեռնած է «Շնորհակալութիւն բժիշկներուն» նախագիծը, որ կը սկսի յունուարի 16-ին:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնել է թատրոնի տնօրէն Մարիաննա Մխիթարեան։ Անոր խօսքով՝ անգնահատելի է ներդրումը այն բժիշկներու, որոնք այս ծանր օրերուն առաջնագծի վրայ ու թիկունքին հերոսական աշխատանք կատարած են՝ փրկելով բազում կեանքեր ու դեռ կը շարունակեն անտրտունջ ծառայել իրենց գործին՝ յանուն մեր հայրենիքի, յանուն կեանքի, յանուն հայ զինուորի։

Մխիթարեան ընդգծած է, որ «Շնորհակալութիւն բժիշկներուն» նախագծի շրջանակներէն ներս թատրոնը կը հիւրընկալէ բուժաշխատողները, ինչ որ թատրոնի համար մեծ պատիւ է:

«Այդպէս մենք կը փափաքինք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել բուժաշխատողներուն՝ նուիրելով անոնց գեղեցիկը։ Ինչպէս իրենց բնակավայրերէն հեռու գտնուող փոքրիկներու համար նախատեսուած յունուարեան բարեգործական «Ձիւնէ թագուհի» ներկայացումը՝ որու բեմադրիչը Նորա Գրիգորեանն է, այնպէս ալ չանտեսեցինք բուժաշխատողները (նեարդաբաններ, վիրաբոյժներ)։ Արձագանգները դրական էին։ Եւ այդ ժամանակ ալ յառաջացաւ նոր նախագծի գաղափարը», յայտնած է թատրոնի տնօրէնը։

Մարիաննա Մխիթարեան տեղեկացուցած է, որ թատրոնէն արդէն կապ հաստատած են բազմաթիւ բուժհաստատութիւններու հետ եւ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած։ Չնայած  բժիշկներու գերծանրաբեռնուածութեան, անոնք սիրով ընդունած են հրաւէրը:

«Շնորհակալութիւն բժիշկներուն» նախագծի մեկնարկը կը տրուի յունուար ամսուայ համար նախատեսուած առաջին իսկ ներկայացմամբ՝ ամերիկացի հեղինակ Տոն Նիկրոյի «Մարդիկ։ Գազաններ։ Հանգամանքներ» ստեղծագործութեամբ, որու առաջնախաղը կայացած է Ամանորէն առաջ՝ դեկտեմբերի 24-ին: Ներկայացման բեմադրիչը թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կարէն Ներսիսեանն է։ 

Գաղտնիք չէ, որ երբեմն մարդու վարքը կը ղեկավարուի բնազդներով:  Այդ մէկը լա՞ւ է, թէ՞ վատ, վախնալու՞ է, թէ՞ սրտառուչ՝ կախեալ է հանգամանքներէն: Տասնմէկ կարճ պատմուածքներ՝ կեանքի իմաստի եւ մեր այսօրուայ իրականութեան մասին:  Սա ամերիկացի Տոն Նիկրոյի թատրերգութեան առաջին բեմադրութիւնն է Հայաստանի մէջ՝ թէեւ ան աշխարհահռչակ է թատերական աշխարհէն ներս: Ներկայացման ռուսերէն թարգմանութիւնը վերնագրուած է «Պատմութիւններ գազաններու մասին»։ Ներկայ օրերուն գործը ունի արդիական հնչեղութիւն։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021