ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ՏԵՂԵԱԿ ՊԱՀԵՑ ԱՄՆ-Ը ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ ներկայ շաբթուան սկիզբին տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին կապակցութեամբ Մոսկուա իրազեկեց Ուաշինկթընն ու Փարիզը։ Այսպէս, յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Ռուսաստան կը ջանայ կանոնաւոր հաղորդակցութիւն ապահովել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ իր միւս գործընկեր երկիրներուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ երէկ ընդունեց Մոսկուայի մօտ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դեսպանները՝ Ճոն Սալիվանին եւ Փիէռ Լեւին, որոնց տեղեկութիւններ տրամադրեց եռակողմանի վերջին հանդիպման շուրջ։ Դեսպանները տեղեակ պահուեցան բանակցութիւններու արդիւնքներէն։ Մոսկուայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կարծիքներ փոխանակուեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւններու ապագայ համատեղ ջանքերուն շուրջ։

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021