ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՕՐԸ

Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան օրը հեղինակի տուն-թանգարանի աշխատակիցները կ՚այցելեն վիրաւոր զինուորներին։ Այսպէս, Սիլվա Կապուտիկեանի ծննդեան օրը՝ յունուարի 20-ին, մեծանուն գրողի Հայաստանի տուն-թանգարանի աշխատակիցները արուեստագէտներու ուղեկցութեամբ կ՚այցելեն Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին վիրաւորուած զինուորներուն:

Տուն-թանգարանի վարիչ Արմենուհի Տեմիրճեան ըսաւ, որ այդպէս կը փորձեն նշանաւորել Կապուտիկեանի տարեդարձը:

Ան տեղեկացուց, որ յունուարի 13-ին տուն-թանգարանին մէջ տեղի կ՚ունենայ  երիտասարդ հեղինակ Աննա Վանի գիրքի շնորհանդէսը, որուն ներկայ կը գտնուին բազմաթիւ գրողներ: Արմենուհի Տեմիրճեան ներկաներուն կոչ կ՚ընէ միանալ տուն-թանգարանի նախաձեռնութեան:

«Դեկտեմբերի 30-ին Աննա Վանի հետ այցելեցինք վիրաւորներուն: Անոնցմէ բազմաթիւներ շատ ծանր վիճակի մէջ էին: Աննա Վան զինուորներուն իր գիրքը կը նուիրէր, իսկ ես՝ Կապուտիկեանի գիրքերէն: Մէկ անգամ այցելութիւնը բաւական չէ, պէտք է պարբերաբար տեսնել վիրաւոր զինուորները», նշեց Տեմիրճեան ու աւելցուց, որ տուն-թանգարանը մտահոգուած էր պատերազմով ու փորձեց ձեւով մը օգտակար ըլլալ:

Անդրադառնալով համավարակով պայմանաւորուած առցանց աշխատանքին՝ Տեմիրճեան ըսաւ, որ այդ աշխատաձեւը բաւականին արդիւնաւէտ եղաւ: «Նախորդ տարուայ փետրուարին մեկնեցայ Պէյրութ եւ հետաքրքրական ծանօթութիւններ հաստատեցի:  Ասմունքի, նկարչութեան եւ հաղորդակցութեան այլ ձեւերով սփիւռքի հայերը մասնակից դարձան տուն-թանգարանի աշխատանքներուն: Կապուտիկեանի անյայտ էջերու մասին խօսեցայ. աւա՜ղ, անոր արձակը լաւ ուսումնասիրուած չէ, այդ իսկ պատճառով Կապուտիկեանի արձակէն տողեր, էջեր կը հրապարակէի եւ շատ մեծ լսարան հաւաքեցինք: Մինչեւ 14 հազար հաւանումներ ունեցանք», յայտնեց տուն-թանգարանի վարիչը:

Տեմիրճեանի խօսքով՝ այս ծանր օրերուն մի քանի անգամ հիւրընկալած են Արցախէն Հայաստան ժամանած երեխաները: «Դեկտեմբերի 26-ին «Տարեմուտի օր» կազմակերպեցինք. Աւանի հանրակացարանի արցախցի երեխաները իրենց մայրիկներու հետ այցելեցին մեզի:  Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեանի աջակցութեամբ փոքրիկներուն անհրաժեշտ նուէրներ՝ տաք ձեռնոցներ, գլխարկներ, գուլպաներ նուիրեցինք: Երեխաներու համար հրաշալի օր կազմակերպեց Գայիանէ Սամուէլեան: Պարերու, հանելուկներու միջոցով ան մեծ տօն պարգեւեց հիւրերուն», նշեց Արմենուհի Տեմիրճեան:

Խօսելով յառաջիկայ հրատարակութիւններու մասին՝ տուն-թանգարանի վարիչը յիշեցուց, որ նախատեսած էին լոյս ընծայել երկհատոր կամ մէկ ընդարձակ գիրք երկու բաժնով, ուր կ՚ընդգրկուէին Սիլվա Կապուտիկեանի բանաստեղծութիւնն ու արձակը: Ան ըսաւ, որ նիւթերը արդէն պատրաստ են, բայց նախաձեռնութիւնը յետաձգուած է։ «Մենք անպայման հետամուտ պիտի ըլլանք գիրքի հրատարակութեան իրականացման», շեշտեց Տեմիրճեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Դոմուս» ընկերութեան՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն Արմէն Մուրատեանի, որու նիւթական աջակցութեամբ լուծուած է տուն-թանգարանի ջեռուցման հարցը:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021