ՔԱՆՍԱՍԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԸ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՐԹԱԿՈՎ

Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոր շարքով կ՚անդրադառնայ աշխարհի յայտնի եւ անյայտ գրադարաններուն։

Աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող գրադարաններու նկատմամբ հանրութեան հետաքրքրութիւնը առաւել գրաւելու նպատակով Հայաստանի Ազգային գրադարանը նոր շարք մը նախաձեռնած է:

Գրադարանը առցանց հարթակի վրայ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը ներկայացնէ ինչպէս յայտնի, այնպէս ալ անյայտ գրադարաններու մասին:

Սոյն շարքը սկսած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հռչակաւոր գրադարաններէն մէկուն՝ Քանսասի ազգային գրադարանի մասին հաղորդմամբ:

Գրադարանի շէնքի առանձնայատկութիւններէն մէկը «Հանրային գրադարակն» է, որ վիթխարի պատ մըն է՝ բաղկացած շարք մը յայտնի գիրքերու կափարիչներէն: Պատը ձեւաւորուած է ընթերցողներու առաջարկած գիրքերու հիման վրայ: 

 Քանսասցիներու սիրելի գիրքերու ցանկին մէջ են Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզի «Հարիւր տարուայ մենութիւն», Ռէյ Պրետպըրիի «Ֆարենհայթ 451»ը, Մարք Թուէյնի «Հաքըլպերի Ֆիննի արկածները», Ճոն Թոլքինի «Մատանիներու տիրակալը», Հարփըր Լիի «Ծաղրասարեակ սպաննելը...», Ռալֆ Էլիսընի «Անտեսանելի մարդը», Շեյքսփիրի «Ռոմէօ եւ Ժուլիէթը», Լաօ Ցզիի, Տիքընսի գործերը եւ այլն: Գրադարանի իւրօրինակ շէնքը կառուցուած է ամբողջ թաղամասի մը մէջ:

Ուրբաթ, Յունուար 15, 2021