ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի առ­կայ վե­րի­վայ­րում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ մա­նա­ւանդ Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քէ ներս ստեղ­ծուած ա­պա­կա­յուն կա­ցու­թեան ազ­դե­ցու­թեամբ Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ յա­մառ պայ­քար մղել ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։ Ի­րա­քի պա­րա­գա­յին Թուր­քիա եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր օ­դա­յին ռմբա­կո­ծում­նե­րու մի­ջո­ցաւ կը ջա­նայ չէ­զո­քաց­նել ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան սպառ­նա­լիք­նե­րը։ Շա­բա­թա­վեր­ջին այս տե­սան­կիւ­նէն Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն պայ­քա­րը նոր հանգ­րուան մը թե­ւա­կո­խեց։ Ար­դա­րեւ, բա­նա­կը սկսաւ ռմբա­կո­ծել ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի դիր­քե­րը։ Ծա­նօթ է, որ ա­նոնք ՓՔՔ­-ի Սու­րիոյ շա­ռա­ւիղ­նե­րը կը հա­մա­րուին։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի մեր­ձա­կայ­քին ծանր հա­րուած­ներ հաս­ցուե­ցան շուրջ յի­սուն թի­րախ­նե­րու։ Սու­րիոյ պա­րա­գա­յին բա­նա­կը այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը կազ­մա­կեր­պէ թնդա­նօթ­նե­րով։ Զի­նեալ ու­ժե­րու հա­րուած­նե­րուն կ՚են­թար­կուին նաեւ Սու­րիոյ Նա­խա­գահ Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ զօր­քե­րը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հիմ­նա­կան նպա­տակն է յար­ձա­կում­նե­րէ զերծ պա­հել Ա­զէ­զը եւ ա­նոր մեր­ձա­կայ Մի­նի­ղը, ուր կը գտնուի ուղ­ղա­թիռ­նե­րու խա­րիսխ մը։

Մինչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կ՚ըն­թա­նան՝ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վուօղ­լուն ալ շփում կը պա­հէ աշ­խար­հի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն հետ։ Ան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ Սպի­տակ տան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ո­ւա­շինկ­թըն ՓԵՏ-ին կը յանձ­նա­րա­րէ առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը չչա­րա­շա­հել, իսկ Ան­գա­րա­յին կոչ կ՚ուղ­ղէ դադ­րեց­նել ռմբա­կո­ծում­նե­րը։ Տա­վու­տօղ­լու կա­պի մէջ ան­ցաւ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի հետ ու շեշ­տեց, թէ ՓԵՏ-ի թի­րախն է նաեւ Եւ­րո­միու­թիւ­նը։

Միւս կող­մէ, շա­բա­թա­վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մըն ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԱՄՆ-ի Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ։ Ա­մե­րի­կեան կող­մը ներ­կա­յիս կ՚ակն­կա­լէ Սու­րիոյ մէջ ռու­սա­կան օ­դա­յին յար­ձա­կում­նե­րու կա­սե­ցուի­լը։  

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2016