ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն այսօր կ՚այցելէ Անգարա։ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ վերջին շրջանին տարակարծութիւններ կ՚ապրուին Սուրիոյ իրադարձութիւններուն բերումով։ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ լարուածութիւնը հետզհետէ կ՚աւելնայ եւ այս մթնոլորտին մէջ պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընի այսօրուան շփումները կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։

Մինչ այդ, Թիլըրսընի այցելութեան ընդառաջ երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլիի եւ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի միջեւ։ Անոնք Պրիւքսելի մէջ կը գտնուէին մասնակցելու համար ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին։ Նուրետտին Ճանիքլի եւ Ճէյմս Մաթիս զրուցեցին շուրջ յիսուն վայրկեան։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, կողմերը հերթական անգամ յստակօրէն արտայայտեցին իրենց դիրքորոշումը։

Նուրետտին Ճանիքլի Ճէյմս Մաթիսի հետ ունեցած տեսակցութեան զուգահեռ ընդգծեց, որ ՓՔՔ-ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը տեղակայուած է Սուրիոյ հիւսիսին՝ Թուրքիոյ սահմանի երկայնքով։ Ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ փոխած է շրջանի ժողովրդագրական պատկերը, շրջանի բնակիչներուն դէմ որդեգրած է ձուլման քաղաքականութիւն եւ զանոնք կը պարտադրէ գաղթի։ Մասնաւորապէս, ըստ Ճանիքլիի, ԱՄՆ-ի կողմէ այս ահաբեկչական կազմակերպութիւնը թափով կը զինուի եւ կը խրախուսուի՝ Սուրիոյ հիւսիսին քաղաքական-ահաբեկչական կառոյցի մը համար։ Թուրքիա ամէն ինչ ըրած է՝ որպէսզի ԱՄՆ կասեցնէ ահաբեկչական կազմակերպութեան ի նպաստ զօրակցութիւնը եւ այս ուղղութեամբ համոզէ ամերիկեան կողմը։ Բայց եւ այնպէս, բոլոր ջանքերը մնացած են ապարդիւն։ Այնտեղ ահաբեկչութեան հակակշռին տակ թափ ստացած են քաղաքական խմորում մը եւ պետութիւն մը ստեղծելու աշխատանքները։ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած ահաբեկչական սպառնալիքը օրէ օր կը մեծնայ։

Ուստի, նախարարը մատնանշած է, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները կը հետապնդեն Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը պահպանելու, սահմանները երաշխաւորելու եւ սուրիացիներու իրաւունքները պաշտպանելու նպատակը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018