ԵԸԼՏԸՐԸՄ ԵՒ ՄԵՐՔԷԼ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այսօր Պերլինի մէջ հանդիպում մը կ՚ունենայ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս կարեւոր տեսակցութեան ընդառաջ Պինալի Եըլտըրըմ հարցազրոյց մը տուաւ ARD գերմանական հեռուստակայանին եւ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ բացուի նոր էջ մը։ «Մոռնանք անցեալը ու նայինք դէպի ապագայ», ըսաւ Եըլտըրըմ եւ աւելցուց, որ Մերքէլի հետ բոլոր նիւթերը պիտի քննարկէ բաց ձեւով։

Պինալի Եըլտըրըմ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ գերմանական Die Welt թերթի թղթակից Տենիզ Եիւճէլի կացութեան։ Ան տարիէ մը ի վեր ձերբակալուած է։ Վարչապետը յոյս յայտնեց, թէ կարճ ժամանակի ընթացքին ազատ կ՚արձակուի։ «Առնուազն դատարան պիտի ներկայանայ։ Իւրաքանչիւր դատավարութիւն բախտ մըն է իր ազատ արձակուելուն համար։ Թուրքիա իրաւունքի երկիր մըն է։ Իրաւունքի երկիրներուն մէջ դատավարութիւններու որոշումը կու տայ արդարադատութիւնը։ Մենք միայն կրնանք արտայայտել մեր մտածումներն ու զգացումները։ Սակայն չենք կրնար փոխարինել արդարադատութեան համակարգը», ըսաւ ան։

Նոյն հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետի նկատառման յանձնուեցաւ, որ Թուրքիա կը սպառնայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Ի պատասխան Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Թուրքիա չի սպառնար ԱՄՆ-ին։ Ան շարունակեց. «ԱՄՆ մեր ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցն է։ ԱՄՆ որոշեց Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքար մղել ահաբեկչեական կազմակերպութիւններու հետ։ Մենք իրենց կ՚ըսենք, որ չաշխատին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ։ Սա յարիր չէ դաշնակցութեան»։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018