ԼԱՅՆ ՀԱՍԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆ

Հայաշխարհէ ներս գրասէր շրջանակները անմիջական հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերուն նկատմամբ։ Բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած այդ հատորները միշտ կը դառնան ուշադրութեան առարկայ եւ կը պահանջուին աշխարհի զանազան անկիւններու գրասէրներուն կողմէ։ Թերթիս վարչութիւնը կը ջանայ հնարաւորինս լայն հասանելիութիւն մը ապահովել «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած գիրքերուն համար։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքէն Արամ Պօղոսեանի ջանքերով վերջերս մատենաշարէն լոյս տեսած հինգ գիրքերը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրուեցան Լոս Անճելըսի նշանաւոր «Ապրիլ» գրատան երդիքին տակ։ Արամ Պօղոսեան ապահովեց «Ապրիլ» գրատան տնօրէն Առնօ Երէցեանի համագործակցութիւնը եւ շնորհիւ անոնց կողմէ կատարուած աշխատանքին ու կարգադրութիւններուն՝ մատենաշարի բոլոր հատորները այլեւս կարելի է ապահովել «Ապրիլ» գրատունէն։

Հարկ է նշել, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն ցարդ լոյս տեսած հինգ գիրքերը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած են նաեւ Երեւանի կեդրոնի հիմնական գրախանութներուն մէջ։ Սա եւս կարելիութիւն մըն է, որպէսզի թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքէն գրասէրներ կարենան ապահովել այդ գործերը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018