ՆԵՐԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ ներդրումներու ազատականացման եւ պաշտպանութեան համաձայնագիր մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երկու կառավարութիւնները համաձայնութեան հասած են ներդրումները ազատականացնելու, խրախուսելու եւ փոխադարձաբար պաշտպանելու ուղղութեամբ։ Համապատասխան փաստաթուղթի ստորագրման արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան երդիքին տակ։ Համաձայնագիրը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Տակուչի։

Հաւաքոյթի ընթացքին, Նալպանտեան ընդգծեց, որ երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւնները անցած են զարգացման նշանակալի ճանապարհ մը։ Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ գոյութիւն ունի տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ եւ հայկական կողմը պատրաստ է համատեղ ջանքերով այդ մէկը օգտագործել լիակատար։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018