ՔՆԵՍԵԹ ՄԵՐԺԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Իսրայէլի խորհրդարանը երէկ մերժեց հայկական բանաձեւ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, Քնեսեթ նախապէս ալ մերժած էր հաւանութիւն տալ հայկական բանաձեւերու եւ 1915 թուականի դէպքերը որակել՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Այս վերջին բանաձեւը օրակարգի վրայ եկաւ՝ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու մէջ յառաջացած վերջին վերիվայրումներու մթնոլորտին մէջ։ Մօտաւոր անցեալին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանն ալ այցելած էր Իսրայէլ։

Երէկ քննարկուած բանաձեւը Քնեսեթի օրակարգին ներկայացուած էր ընդդիմադիր «Եէշ Աթիտ» կուսակցութեան ղեկավար Եաիր Լափիտի կողմէ։ Քուէարկութեան ժամանակ բանաձեւին դէմ ձայն տուաւ 41 պատգամաւոր, իսկ կողմ քուէարկեց 28 պատգամաւոր։

Տեղական մամուլն ալ արձագանգ կը հանդիսանայ Քնեսեթի երէկուան որոշման։ Խորհրդարանական նիստի ընթացքին Եաիր Լափիտ յայտնած է, որ Քնեսեթ Հոլոքոստի ենթարկուած ժողովուրդ մը ներկայացնող խորհրդարան մըն է եւ որեւէ պատճառ չկայ՝ որպէսզի ան չճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ չունենայ անոր նուիր-ւած յիշատակութեան օր մը։ Իր կարգին, Իսրայէլի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ցիփի Հոթովելի յայտնած է, որ Իսրայէլի կողմէ խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը 2015 թուականին ուղարկուած էր Երեւան՝ մասնակցելու 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն։ Ըստ իրեն, սակայն, պաշտօնական դիրքորոշում պէտք չէ ներկայացնել՝ պայմանաւորուած անոր բարդութեամբ եւ քաղաքական հետեւանքներով՝ մանաւանդ, որ սա յստակ քաղաքական անդրադարձ կրնայ ունենալ։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սաղիմահայ համայնքէն Յակոբ Սեւան այս որոշումէն վերջ յայտնեց, որ պիտի գայ այն օրը, երբ Իսրայէլ պիտի ճանչնայ հայոց ցեղասպանութեան փաստը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2018