ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐԹԱԿ

Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը երէկ բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Գերմանիոյ մէջ յիսուն տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի այս հեղինակաւոր միջազգային հաւաքը, որ կարեւոր հարթակ մը կը հանդիսանայ քննարկելու համար անվտանգութեան հարցերը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս այս տարի մասնակցութիւն կը բերեն Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովին։ Երէկ, բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Ուալթէր Շթայնմայէր եւ Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Ինշիկէր։ Աշխարհի աւելի քան 40 երկիրներէ պետութիւններու կամ կառավարութիւններու ղեկավարներ եւ արտաքին գործոց նախարարներ մասնակցութիւն կը բերեն հաւաքին։ Արմէն Սարգսեանի եւ Նիկոլ Փաշինեանի առընթեր, ներկաներու շարքին կը գտնուին՝ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ութէ, Աւստրիոյ վարչապետ Սեպաստիան Քուրց, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր եւ այլք։

Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի բացման զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոյանձնաժողովի պիւտճէի եւ կառավարման յանձնակատար Եոհաննէս Հանի եւ Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան եւ Եոհաննէս Հան անդրադարձան Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման միտումներուն, զբօսաշրջութեան, ենթակառուցուածքներու, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու հեռանկարներուն։ Զրուցակիցները քննարկեցին Լիւքսեմպուրկի մէջ նախատեսուած ԵՄ-Հայաստան ներդրումային համաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ։ Եոհաննէս Հան ընդգծեց, որ այս ֆորումը լաւ հնարաւորութիւն պիտի հանդիսանայ Հայաստանը ներկայացնելու տեսակէտէ։ «Ձեր երկիրը հիանալի գործընկեր կրնայ դառնալ», ըսաւ ան Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրուցելու ժամանակ։

Մինչ այդ, Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովի ծիրէն ներս այսօր երեկոյեան ժամերուն տեղի կ՚ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ քննարկում մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս հաւաքոյթին մասնակցութիւն կը բերեն թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

Բաց աստի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ այսօր որպէս բանախօս հանդէս կու գայ Միւնիխի մէջ՝ քուանթումի քաղաքականութեան վերաբերեալ քննարկման ժամանակ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը ներկայացնէ քուանթումի վերաբերեալ իր տեսութիւնը եւ կը խօսի աշխարհի սրընթաց զարգացումներուն, համաշխարհային ռիսքերու, նոր քուանթումի փորձագիտութիւններու եւ համակարգերու, քաղաքականութեան քուանթումի վարքագծի մասին։

Հինգ տասնամեակներու ընթացքին Միւնիխի Անվտանգութեան համաժողովը դարձած է միջազգային անվտանգութեան քաղաքականութեան քննարկման աշխարհի յառաջատար հարթակը։ Ամէն տարի փետրուարին այս համաժողովը կը համախմբէ զանազան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները, քաղաքական կամ հասարակական գործիչներ, դիւանագէտներ, հեղինակաւոր վերլուծաբաններ կամ փորձագէտներ ամբողջ աշխարհէն՝ աշխոյժ քննարկումներ ծաւալելու համար անվտանգութեան խնդիրներու, արդի եւ ապագայ մարտահրաւէրներու շուրջ։

Շաբաթ, Փետրուար 15, 2020