ՎՐԱՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՐԲԱԶԱՆ ՍԻՆՈԴԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ

Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցին յայտարարեց, որ «Տաւիտ Կարեճի» վանական համալիրը վրացական ինքնութեան անբաժանելի մասն է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սրբազան սինոդի վերջին օրերուն տեղի ունեցած ժողովներէն վերջ, շաբաթավերջին այս մասին յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ։ Հարկ է նշել, որ խնդրոյ առարկայ վանքը կը գտնուի Ատրպէյճան-Վրաստան սահմանին վրայ։ Սահմանի վիճելի հատուածէն ներս կը գտնուի այդ վանական համալիրը, որու պատկանելիութեան շուրջ խնդրոյ առարկայ են որոշ տարակարծութիւններ։ Վրաց հոգեւորականներու պնդումով, «Տաւիտ Կարեճի» վանական համալիրի կազմէն ներս գտնուող Չիչխիթուրի եւ Ուտապնօ եկեղեցիները վրաց ժողովուրդի պատմական, կրօնական եւ մշակութային ինքնութեան անբաժանելի մասերն են։

Նոյն յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է, որ իրաւական ուժի տէր գլխաւոր փաստաթուղթը, որ կը յստակացնէ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանը, ստորագրուած է 13 յունիս 1996 թուականին։ Այդ երկկողմանի արձանագրութեան հիման վրայ սոյն վանական ամբողջ համալիրը կը գտնուի Վրաստանի տարածքէն ներս։ Աւելի ուշ, 2007 եւ 2019 թուականներուն, ըստ վրաց հոգեւորականներու, այդ կարգավիճակը փոփոխութեան ենթարկուած է՝ ի վնաս Վրաստանի։ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սրբազան սինոդի յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուած է Վրաստանի կառավարութեան, որպէսզի բարեկամ ու գործընկեր Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններ վարուին արդարութեան սկզբունքի հիման վրայ՝ նպատակ ունենալով վերականգնել մինչեւ 2007 եւ 2019 թուականներու փաստաթուղթերու ստորագրումը գոյութիւն ունեցած իրավիճակը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 15, 2021