ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԿԱՍԿԱԾԸ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ ռազմական հարկադրանքի քաղաքականութիւն վարել Հայաստանի դէմ։ Կառավարութեան այս առաւօտեան նիստի ընթացքին ան անդրադարձաւ սահմանի վերջին դէպքերուն։ «Մեր տպաւորութիւնն է, որ Ատրպէյճան որեւէ հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր սահմանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ եւ այս բանին հիմնաւորումները բազմաթիւ են», ըսաւ ան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը կասկածներ ունի, թէ Ատրպէյճան կրնայ տեղական ռազմական գործողութիւններու սկսիլ՝ զանոնք Հայաստանի դէմ լայնածաւալ պատերազմի մը վերածելու հեռանկարով։ «Հայաստան պաշտպանութեան ոլորտէն ներս ունի միայն օրինական նպատակներ», ըսաւ ան՝ արձագանգելով Ատրպէյճանէն հնչած յայտարարութիւններուն։

Փաշինեանի բանբեր Նազելի Պաղտասարեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ տարածաշրջանէն ներս թշնամութեան խորացման ռազմավարութիւնը։ 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ դէպի Պրիւքսէլ ուղեւորութիւնը աւարտելէ վերջ շարունակեց շփումները Եւրոպայի մէջ։ «Տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Հայաստանի յանձնառութիւնը պէտք է դիտարկուի նաեւ՝ որպէս Եւրոպայի ընտանիքի հաւաքական տեսլականի մաս», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան Լիւքսեմպուրկի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Հայաստանի դեսպանատան շէնքի բացման արարողութեան։ Ան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Լիւքսեմպուրկի իր պաշտօնակցին հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներուն, նախարարը Պրիւքսէլէն հրաժեշտ առնելէ առաջ ալ տեսակցեցաւ Հարաւային Կովկասի գծով ՆԱԹՕ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէ Քոլոմինա Փիրիսի հետ։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներ Մեհտի Սաֆարիի եւ Ալի Պաւեր Քանիի հետ։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ Երեւանի եւ Թեհրանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, անոնց համադրման ու փոխադարձ շահաւէտ գործակցութեան շարունակականութեան ապահովման կարեւորութեան։ Փոխ-նախարարները շօշափեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու առկայ գործընթացները։ Այս առընչութեամբ բարձր գնահատուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ քանիցս արտայայտուած դիրքորոշումը՝ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ։

Ռուսաստանն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Այսպէս, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յատուկ ներկայացուցիչը՝ Իկոր Խովաեւ ներկայիս ձեռնարկած է ուղեւորութեան մը դէպի Պաքու եւ Երեւան։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Իր Երեւանի շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ հարցեր։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա սահմանի վերջին լարուածութիւններու լոյսին տակ երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա Պաքուին եւ Երեւանին կոչ կ՚ուղղէ՝ քայլերու ձեռնարկել սահմանային իրավիճակի լիցքաթափման ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան «Վէյմարեան եռանկիւն»ի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած իրենց հանդիպումէն վերջ։ Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակին։ «Կոչ կ՚ուղղենք արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ ու կ՚աջակցինք Եւրոմիութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերուն՝ նպաստելու Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան։ Մենք կը վերահաստատենք մեր աջակցութիւնը Հարաւային Կովկասի պետութիւններու ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024