ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղարն է, շաբաթավերջին այցելեց Զուիցերիա։ Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ ան մասնակցեցաւ Բուն Բարեկենդանի Սուրբ Պատարագին, զոր մատոյց Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Ծայրագոյն Վարդապետ Ալճանեան։

Ժընեւի մէջ, Զուիցերահայոց միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղւոյն հայկական կեդրոնին մէջ Հրայր Ճէպէճեան հանդէս եկաւ նաեւ դասախօսութիւնով մը։ Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջերս նոր գիրք մը հրատարակած է, հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որմէ վերջ պատասխանեց ներկաներու զանազան հարցումներուն։

Հինգշաբթի, Փետրուար 15, 2024