ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵՆԷ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻՆ

Լիոնի քաղաքապետ Ժորժ Քեփենեքեան աւարտեց իր այցելութիւնը դէպի Երեւան։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը ունեցաւ բազմակողմանի շփումներ։ Այդ բոլորէն վերջ քաղաքապետը մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ։ Այս առթիւ Ժորժ Քեփենեքեան յայտարարեց, որ աւելի շօշափելի արդիւնքներ կ՚ակնկալէ Երեւանի հետ համագործակցութեան շրջանակներէն ներս։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ իր՝ Լիոնի քաղաքապետ ըլլալու հանգամանքը միանշանակ ազդեցութիւն մը ունի երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ։ Ան ընդգծեց, որ Լիոն քաղաքը Հայաստանի հետ ունի ամուր բարեկամութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ։

«Ես փափաքեցայ, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած ըլլան այնպիսի մարդիկ, որոնք համապատասխան բարձր պատասխանատուութիւն ունին Լիոնի ղեկավարման զանազան ոլորտներուն մէջ։ Այս օրերուն ուշադրութեան կեդրոնին եղած են բարձրագոյն կրթութեան ոլորտը, զբօսաշրջութիւնը եւ առողջապահութիւնը։ Ուշադրութեան կեդրոնին եղած են նաեւ քաղաքաշինութեան վերաբերեալ հարցեր։ Կը նախատեսուի նաեւ համագործակցութիւն Երեւանի եւ Լիոնի գրադարաններուն միջեւ։ 5 հազարէ աւելի աշխատութիւն թուայնացուած է», ըսաւ Քեփենեքեան եւ աւելցուց, որ իր այցելութիւնով նոր էջ մը բացուած է երկու քաղաքներու յարաբերութիւններուն մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018