ԹԻՐԱԽԸ ՄԻԱՅՆ ԻՐԱՆՆ Է

Իսրայէլեան կարգ մը ազդեցիկ պարբերականներ վերջերս «իւրայատուկ» վերտառութիւններով գրեցին երկրի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի Ուաշինկթըն տուած այցելութեան մասին: Օրինակ՝ «Հաարեթց» հեղինակաւոր պարբերականը «մտավախութիւններ» ունենալով վարչապետի քաղաքական ապագային մասին կը խորագրէր՝ «Այս Նեթանիյահուի վերջին ԱՅՓԱՔ-ն է՞» (ԱՅԲԱՔ՝ AIPAC - The American Israel Public Affairs Committee)։

Խնդիրն այն է, որ արդէն քանի մը առիթներով ոստիկանութեան կողմէ հարցաքննուած Նեթանիյահու «լրջօրէն» յայտնուած է բանտարկուելու վտանգին առջեւ: Մեղադրանքը անշուշտ նիւթական ապօրինի իւրացումներ, ինչպէս նաեւ պետական գանձանակէն «մսխում»ներ կատարելու կը վերաբերի:

Հետաքրքրականն այն է, որ իւրաքանչիւր անգամ, որ իսրայէլացի ղեկավար, երբ յայտնուի նման խնդրի մը առջեւ, կը բանայ «փանտորա»ի իր տուփը եւ գործի կը դնէ պատերազմական որեւէ ծրագիր: Նախ հանրութեան առջեւ պարտուած ըլլալու «վտանգ»ը նուազագոյնի իջեցնելու եւ ապա հանրութեան ուշադրութիւնը իրմէ եւ իր «խնդիրներ»էն հեռացնելու համար: Նոյնը կատարած էր Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթ, որ 2006 թուականին կարողութիւնը ունէր մարել Լիբանանի հետ պատերազմի մը հրդեհին պատրոյգը, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով գնաց այդ քայլին եւ 33 օր տեւած պատերազմէ մը ետք ՄԱԿ-ի կողմէ առնուած որոշումին հիմքով իսրայէլեան ուժերէն պահանջեց ենթարկուիլ հրադադարին: Օլմերթ պատերազմէն անմիջապէս ետք բանտի ճաղերու ետին չյայտնուեցաւ ու անոր դէմ ընթացք առած պայքարը տեւեց մինչեւ 2016 թուականը։ Այս շրջանին Օլմերթ կաշառակերութեան մեղադրանքով դատապարտուեցաւ 19 ամսուան բանտարկութեան, սակայն աւելի ուշ (2017-ի Յուլիսին) անոր առողջական վիճակին վատթարացման պատճառաւ Իսրայէլի կառավարութիւնը յատուկ որոշում մը հրապարկեց ու ազատ արձակեց զայն: Ընթերցողներուս յիշեցնեմ, որ Լիբանանի դէմ մղուած պատերազմով Իսրայէլ նպատակ ունէր «ոչնչացնել» եւ խաղէն դուրս հանել Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ը: Ծրագիր մը, որուն իրականացման համար Իսրայէլի կառավարութիւնը մեծ գումարներ ծախսեց եւ պատճառ դարձաւ մեծ աւերածութիւններու: Լիբանանի դէմ եղած զինուորական գործողութիւնը, որ կը կրէր «յուլիսեան պատերազմ» խորագիրը, մի քանի կարեւոր հանգամանք լոյսին բերաւ: Այդ պատերազմը փաստեց, որ գետնի վրայ Իսրայէլի համար անհնար է «հանգիստ» կերպով յառաջանալ եւ յատկապէս Լիբանանի հարաւի տարբեր գիւղաւաններու մէջ եղած ռազմական գործողութիւնները ցոյց տուին, որ «Հիզպուլլահ»ը անդրդուելի է, երբ խօսքը կը վերաբերի ընթացող մարտերուն:

Ճիշդ է, որ իսրայէլեան օդուժը «փայլուն» կը կատարէր իր առջեւ դրուած պարտականութիւնը՝ քարուքանդ ընելով լիբանանեան տասնեակ շէներ ու գիւղեր։ Բայց եւ այնպէս, «Հիզպուլլահ»ի որդեգրած պատերազմական թաքթիքներուն շնորհիւ, իսրայէլեան բանակի որեւէ պատերազմէ յաղթական դուրս գալու մասին առկայ եւ տարածուած կարծրատիպը չքացաւ: Այս բոլորին դիմաց մեծագոյն գին վճարողը եղան Լիբանանն ու լիբանանցին, որոնք հերթական անգամ մտան նիւթական եւ բարոյական ծանր բեռներու տակ: Այս անցումը կատարեցին պարզապէս ընթերցողին փորձել բացատրելու, որ այսօր ալ Իսրայէլի կողմէ մերթ ընդ մերթ հնչող սպառնալիքները այն մասին, թէ Իսրայէլ կը պատրաստուի պատերազմական գործողութիւններ կատարել Լիբանանի դէմ, այդքան ալ հեշտ իրականանալի դրոյթներ չեն: Ու եթէ հաշուի առնենք, որ Իսրայէլի գործող կառավարութեան համար հիմնական խնդիրը կը մնայ «ոչնչացնել» ու խաղէն դուրս հանել «Հիզպուլլահ»ը, ապա այդ մէկը ներկայ փուլին դժուար թէ իրականացուի:

Իսրայէլի զինուորական պատասխանատուներն ու բարձր մակարդակի զինուորականները վայրկեան մը իսկ պիտի չուզէին կորսնցնել եւ պատերազմ յայտարարել, եթէ վստահ ըլլային, որ «Հիզպուլլահ»ը իրօք ծանր վիճակի մը մէջ է: Ու հակառակ լիբանանեան շիի այս կուսակցութեան Սուրիոյ պատերազմին մէջ ներգրաւուելուն ու բաւականին ծանր կորուստներ ունենալուն՝ յստակ է, որ կուսակցութեան ունեցած ռազմավարական «պահուստ»ները կը շարունակեն բաւարարել լայնածաւալ որեւէ պատերազի մը պահանջները:

Ռազմավարական «պահուստ» ըսելով կ՚ակնարկենք «Հիզպուլլահ»ի ունեցած հրթիռային համակարգերուն, որոնք նոր որակի հրթիռներով համալրուելէ ետք, այսօր կը շարունակեն լուրջ սպառնալիք ըլլալ Իսրայէլի պետութեան:

ԱՅՓԱՔ-Ի ԺՈՂՈՎԻՆ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ ԵԼՈՅԹԸ

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Իսրայէլի համար մշտական «թիրախ» սկսած է հանդիսանալ Իրանը: Մեր մտքերուն մէջ է տակաւին, թէ ինչպիսի «հրդեհ» մը կը ծագէր Իսրայէլի մէջ, երբ 2015 թուականի Յուլիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջնորդութեաբ կը կնքուէր Իրան 5+1 կորիզային համաձայնութիւնը:

Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ամերիկացի մէկէ աւելի վերլուծաբաններ կը խօսէին այն մասին, թէ Պարաք Օպամա պիտի հանդիսանայ բոլոր ժամանակներու ամենէն «առաջատար» ամերիկացի նախագահը, որ պիտի համարուի հակաիսրայէլեան առաջնորդ մը:

Ու այդ փուլէն մինչեւ Տանըլտ Թրամփի նախագահ ընտրուիլն ու Երուսաղէմի վերաբերեալ անոր որդեգրած «բացայայտ» իսրայէլամէտ վարքագիծը եկան ցոյց տալու, որ այսօր նոր մակարդակի վրայ են Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ յարաբերութիւնները:

Վերադառնալով ԱՅՓԱՔ-ին առջեւ ունեցած Նեթանիյահուի ելոյթին, ապա յստակ կը դառնայ, որ անոր մտքերուն հիմնական կիզակէտը «վերապահուած» էր Իրանին: Նեթանիյահու առանց բառերու ետին պահուըտելու կը յայտարարէր, որ «Իրանը պատուհաս է ամբողջ աշխարհին ու մենք ամէն գնով պէտք է կանգնեցնենք Իրանի ծաւալապաշտական ծրագիրները»: Ճիշդ է, որ առաջին անգամը չէ, որ Նեթանիյահու նման «վառ» երանգներ պարունակող յայտատարութիւններ կը կատարէր, սակայն խնդիրն այն է, որ Միացեալ Նահանգներու այսօրուան ղեկավարութեան այս նիւթին շուրջ առկայ տեսակէտները հեռու չեն անոր մօտեցումներէն:

Ու մինչ Պարաք Օպամա այլ հարցերու, բայց մանաւանդ Իրանի հետ կայացուած համաձայնութեան նիւթով սուր տարակարծութիւններ կ՚ունենար Նեթանիյահույի հետ, այսօր յստակ է, որ Թրամփ-Նեթանիյահու մօտեցման եւ յարաբերութիւններու բարելաւման գլխաւոր օղակը դարձած է Իրանի դէմ երկու կողմերու ունեցած «ատելութիւն»ը:

ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԷՏԸ՝ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 12 ՄԱՅԻՍԻՆ

Յառաջիկայ Մայիսին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը օրակարգի վրայ պիտի բերէ Իրանի պատժամիջոցներու հարցը: Այդ քննարկումներուն ընթացքին է նաեւ, որ ի յայտ պիտի գայ Ամերիկայի իրական կեցուածքը Իրանի հանդէպ: 2015 թուականի Յուլիսին կնքուած համաձայնութեան տրամադրութիւններուն համաձայն, այդ օրերուն Իրանի դէմ ցարդ կիրարուող պատիժները պիտի կասեցուին, անշուշտ եթէ Իրան յարգած ըլլայ այն պայմանները, որոնց շուրջ ալ Վիեննայի (2015) մէջ նախօրօք կնքուած էր համաձայնութիւնը:

Խնդիրն այն է, որ այս փուլին ու մասնաւորապէս իսրայէլեան լոպիին դրդումով սեղանին վրայ կը դրուի Իրանի պալիսթեան հրթիռներու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իր ազդեցութեան գօտիները ընդլայնելու խնդիրը:

Իսրայէլի կողքին անշուշտ կան Արաբական ծոցի երկիրները, որոնց համար ալ Իրանը «ծունկի բերել»ու հարցը մշտական ներկայութիւն եղող մօտեցում է: Տակաւին չենք խօսիր Արաբական ծոց-Իսրայէլ թաքուն համագործակցութեան մասին, ուր նոյնպէս տիրական հարցը Իրանը «պաշարել»ու եւ մեկուսացնելու խնդիրն է:

Այստեղ է նաեւ, որ կը ծագի գլխաւոր հարցը. արդեօք Միացեալ Նահանգներ պատրա՞ստ է «խելացնոր» քայլ մը կատարելով զինուորական հարուած հասցնել Իրանին: Կամ թէ նախագահ Թրամփին շուրջ կա՞ն այնպիսի խորհրդատուներ, որոնք իրապէս կը հասկնան, թէ որեւէ պարագայի եւ որեւէ ատեն Իրանի դէմ զինուորական քայլ մը կատարելը իրապէս վտանգաւոր արկածախնդրութիւն մըն է, որ յար եւ նման է Իսրայէլ-«Հիզպուլլահ» իրավիճակին։ Այդ պարագային հակառակ ամէն տեսակի արդիական զէնքերուն, համատարած աւերին ու կորուստներուն՝ Իսրայէլի համար անհնարին կը մնայ «Հիզպուլլահ»ը ոչնչացնելը։ Ա՛լ ուր մնաց հարցը, երբ խօսքը կը վերաբերի ռազմական լուրջ կարողականութիւն եւ իրենց գաղափարականին վրայ հաւատք ունեցող բանակով առանձանցուող Իրանին մասին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018