ՀԱՅԿԱԶԵԱՆԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Պէյրութ։ Ուղեւորութեան վերջին օրը Կարէն Կարապետեան այցելեց Հայկազեան համալսարան, ուր ելոյթով մը հանդէս եկաւ դասախօսական եւ ուսանողական կազմին առջեւ։ Ի յիշատակ այս այցին՝ համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան Կարէն Կարապետեանին յանձնեց յուշանուէր մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018