ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ թէեւ ամբողջ աշխարհ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պարագային արդար կը համարէ Ատրպէյճանը, սակայն հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ զարգացում արձանագրել կարելի չ՚ըլլար։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պինալի Եըլտըրըմ երէկ մեկնեցաւ Պաքու, ուր այսօր կը մասնակցի «Նիզամի կենճեւի» միջազգային կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած Համաշխարհային ֆորումին, որ վեցերորդն է իր տեսակին մէջ։ Այսօր կը սկսի այս ֆորումը, որու ընդառաջ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Պաքուի մէջ Պինալի Եըլտըրըմ ընդգծեց, որ թուրք ազգը իր ատրպէյճանցի եղբայրները ինքզինքէն տարբեր չի նկատեր։ Ատրպէյճանի անկախութիւնը ճանչցած եւ անոր հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ մշակած առաջին երկիրն է Թուրքիան։ Այդ օրէն ի վեր երկու երկիրները միասին են թէ՛ լաւ եւ թէ վատ օրերով։ ԱՓԱ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Եըլտըրըմ խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիա միշտ դիրք կը գրաւէ Ատրպէյճանի կողքին։ «Այս խնդիրը միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ չի համար-ւիր։ Ամբողջ տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան տեսակէտէ կարեւոր հարց մըն է», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։

Հարցազրոյցին մէջ Պինալի Եըլտըրըմ ընդգծեց նաեւ, որ երկու երկիրները, Վրաստանի ալ մասնակցութեամբ, կ՚իրականացնեն շարք մը ենթակառուցուածքային ծրագիրներ, որոնք կը շահագրգռեն ո՛չ միայն Կովկասը, այլ՝ Միջին Ասիայէն մինչեւ Պալքաններ մեծ աշխարհագրութիւն մը։ Այս ամբողջին մէջ վարչապետը առանձնացուց TANAP ծրագիրը, որ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսակէտէ կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ «Մեր նախագծերը լուրջ հնարաւորութիւն կ՚ապահովեն տարածքաշրջանի կայունութեան եւ անդորրութեան տեսակէտէ», յայտնեց վարչապետը Պաքուի մէջ։

Իլհամի Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին ալ Պինալի Եըլտըրըմ ընդգծեց, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը հանդիսանան մէկ ազգ ու երկու պետութիւն։ Երկու երկիրներու միջեւ շփումները օրէ օր աւելի կը զարգանան։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Ատրպէյճան փոխադարձ ներդրումներ կ՚ընեն եւ կը զարգացնեն առեւտուրը, զբօսաշրջութեան գետնի վրայ համագործակցութիւնը։ Յամենայնդէպս, կողմերը այսքանով չեն բաւարարուիր։ Միեւնոյն ժամանակ տարածքաշրջանի երկիրներու զարգացման համար միասնաբար աշխատանք կը տանին։ Կովկասեան տարածքաշրջանէ ներս Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ կեանքի կոչուած նախագծերուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց վարչապետը, որ Ալիեւի հետ զրուցելու ընթացքին ալ կանգ առաւ TANAP ծը-րագրին վրայ։

Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ անդրադարձաւ նաեւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիին։ Ան այս մէկը մեկնաբանեց «Մետաքսի ճանապարհ»ի ամբողջին մէջ։ Ըստ Պինալի Եըլտըրըմի, Հեռաւոր Արեւելքէն ու Միջին Ասիայէն Ատրպէյճանի վրայով դէպի Թուրքիա եւ Եւրոպա բեռնափոխադրումները պիտի ապահովեն «Մետաքսի ճանապարհ»ը եւ այս առումով Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս նախագիծը կը ներկայացնէ առանցքային կարեւորութիւն։ Վարչապետը յայտնեց, որ այդ երկաթուղիին շնորհիւ Նախիջեւանի համար ալ կ՚ապահովուի լուրջ լոժիսթիք աջակցութիւն։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ անդրադարձաւ երկու երկիրներու զօրակցութեան, անոնց քաղաքական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին եւ տնտեսական գետնի վրայ արձնագրուած զարգացումներուն։ Ալիեւն ալ Եըլտըրըմի հետ տեսակցելու ընթացքին խօսեցաւ TANAP ծրագրին մասին եւ աւելցուց, որ բոլոր ուղղութիւններով երկկողմանի համագործակցութիւնը ունի շատ դրական արդիւնքներ։ Այդ ձեռքբերումները, ըստ Ալիեւի, ժողովուրդներու, երկիրներու տեսակէտէ կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն, ինչպէս նաեւ ամբողջ Եւրոասիոյ տարածքաշրջանին տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018