ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ երէկ հանդիսաւոր հաւաքոյթով մը նշուեցաւ tert.am կայքէջի հիմնադրութեան 10-ամեակը։ Յոբելեանին առթիւ կազմակերպուած ընդունելութեան մասնակցեցան երկրի քաղաքական շրջանակներէն ծանօթ դէմքեր, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, գործարարներ, դիւանակալներ, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Հինգշաբթի, Մարտ 15, 2018