ԿԱԶԶԷԻ ՄԷՋ ՍՊԱՆԴ. 59 ԶՈՀ

Պաղեստինէն հասած լուրերը վերստին մարդկային լուրջ ողբերգութեան մը ահազանգը կը հնչեցնեն։ Վերջին օրերուն Պաղեստինէ ներս ստեղծուած է դարձեալ շատ խնդրայարոյց մթնոլորտ մը։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միջոց մը առաջ որոշած էր Իսրայէլի իր դեսպանութիւնը հաստատել Երուսաղէմի մէջ։ Միջազգային հաւաքականութեան մօտ խոր մտահոգութեան պատճառ դարձած էր նախագահ Տանըլտ Թրամփի այս որոշումը։ Բայց եւ այնպէս, Ուշինկթըն յամառօրէն յառաջ տարաւ այդ քաղաքականութիւնը, իսկ վերջին օրերուն սկսաւ Իսրայէլի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու գործնական աշխատանքը։ Այս իրադարձութեան բերումով պաղեստինցիները ձեռնարկեցին բողոքի ցոյցերու՝ արտայայտելու համար իրենց հակազդեցութիւնը։ Իսրայէլ շատ խիստ ձեւով միջամտեց այդ ցոյցերուն։ Իսրայէլի զօրքերը կրակեցին ցուցարարներուն վրայ, ինչ որ ունեցաւ ծանր հետեւանքներ։ Կազզէի մէջ պատահած դէպքերուն զոհ գնաց 59 հոգի։ Կը հաղորդուի, որ վիրաւորեալներու թիւը հասած է 2770-ի սահմանին, եթէ ոչ աւելի։ Այս ամբողջ մարդկային ողբերգութիւնը տեղի կ՚ունենայ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, երբ Տանըլտ Թրամփ դեսպանատան տեղափոխութիւնը որակած է «սքանչելի օր մը»։ Ամերիկացի ղեկավարը հրապարակած է նաեւ տեսաուղերձ մը, որու մէջ մատնանշած է, որ Երուսաղէմ Իսրայէլի մայրաքաղաքն է։ Ամերիկեան նոր դեսպանատունէն ներս տեղի ունեցած է երաժշտութիւնով տօնախմբութիւն։ Յամենայնդէպս, Եւրոմիութեան անդամ երկիրներէն բազմաթիւ դիւանագէտներ մերժած են մասնակցիլ արարողութեան։

Անգարայի ղեկավարութիւնը շատ բուռն ձեւով արձագանգած է Իսրայէլի ծայրայեղ քայլերուն։ Թուրքիա արդէն երկար ժամանակէ ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէր Ուաշինկթընի այս քայլին դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Լոնտոնի մէջ յայտնեց, որ կ՚անիծէ Իսրայէլի կողմէ կատարուած այս ցեղասպանութիւնը։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ ցաւ յայտնեց, թէ ԱՄՆ դիրք կը գրաւէ Իսրայէլի կողքին, որ կը սպաննէ քաղաքային ժողովուրդը։ Փոխ-վարչապետ Պեքիր Պոզտաղ ընդգծեց, որ Կազզէի վերջին սպանդէն Իսրայէլի համազօր պատասխանատու է նաեւ ԱՄՆ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ շեշտեց, որ օրինական իրաւունքներու պաշտպանութեան դէմ կը կատարուի պետական ահաբեկչութիւն։ Պետական աւագանին այս բուռն արձագանգի մթնոլորտին մէջ, Թել Աւիւի եւ Ուաշինկթընի թուրք դեսպանները հրաւիրուած են Անգարա։

Ընդդիմադիր քաղաքական ուժերն ալ նոյնպէս բուռն ձեւով հակազդեցութիւն ցոյց կու տան Իսրայէլի դէմ։ Երէկ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը Իսրայէլի դէմ։ Կազզէի մէջ տեղի ունեցած վերջին արիւնալի դէպքերուն հետեւանքով կառավարութիւնն ալ եռօրեայ սուգ հռչակեց երկրէն ներս։ Երէկ, Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցած բողոքի երթին զուգահեռ՝ Ուրբաթ օրն ալ Էրտողանի մասնակցութեամբ մեծ հանրահաւաք մը նախատեսուած է Ենիգաբուի մէջ։

Միւս կողմէ, Պաղեստինի ղեկավարութիւնն ալ յայտարարեց, որ Ուաշինկթընը այլեւս գործընկեր ու միջնորդ չի համարուիր իրենց տեսակէտէ։ Միջազգային ընտանիքին կողմէ ալ բողոքները կը շարունակուին։

Երեքշաբթի, Մայիս 15, 2018