ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Փեքինի մէջ ընդունուեցաւ Չինաստանի նախագահ Ցի Ցինփինի կողմէ։ «Ասիական քաղաքակրթութիւններու երկխօսութիւն» խորագրեալ համաժողովին համար Փեքին մեկնած է Նիկոլ Փաշինեան, որ Ցի Ցինփինի հետ քննարկեց Հայաստան-Չինաստան համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին կարեւոր նիւթեր։ Հանդիպման ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուին Փեքինի հետ յարաբերութիւնները։ «Մեր երկու ժողովուրդները կը ներկայացնեն հին քաղաքակրթութիւններ։ Հայկական ձեռագրերու մէջ տակաւին հինգերորդ դարուն նկարագրուած են երկու ժողովուրդներու կապերու մասին։ Այդ կապերը ունեցած են առեւտրական, մարդասիրական եւ քաղաքական բնոյթ։ Մեզի համար շատ կարեւոր են շինիչ եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւնները Չինաստանի հետ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։ Իր կարգին, Ցի Ցինփինն ալ ընդգծեց, որ Չինաստան պատրաստ է մասնակցիլ Հայաստանի Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման եւ այլ ենթակառուցուածքային ծրագրերու իրականացման։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Նշուեցաւ, որ կարգաւորումը պէտք է ըլլայ երկխօսութեան ճանապարհով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2019