ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ նախարարներու զրոյցը։ Մնացականեան եւ Լաւրով վերջին օրերուն ուրիշ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էին՝ նոյնպէս ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին կը դիմագրաւուին շարք մը դժուարութիւններ։ Արդարեւ, Սերկէյ Լաւրով միջոց մը առաջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին անդրադառնալով՝ տեղեկացուցած էր, որ բանակցային սեղանի վրայ կը գտնուի փուլային լուծման տարբերակը։ Հայկական կողմը հերքած էր Լաւրովի խօսքերը։ Բաց աստի, քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ Երեւանի կողմէ օրակարգի վրայ բերուած էր Ռուսաստանէն Հայաստան ներածուած բնական կազի սակագինի զեղչուիլը, սակայն Մոսկուա չէր ընդառաջած։ Ի լրումն այս բոլորին, Հայաստանի  դատական իշխանութիւնները վերջին շրջանին երկրի՝ ռուսական դրամագլուխով գործող կարգ մը մեծ ընկերութիւններէն ներս հարցաքննութիւններ կ՚իրականացնեն՝ ապօրինութիւններու կամ կարգազանցութիւններու կասկածով, ինչ որ լարուածութեան գործօն մը դարձած է, իր հերթին։

Այս իրավիճակին մէջ Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան նոր հեռախօսազրոյց մը։ Անոնք քննարկեցին երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանային կառոյցներու՝ ԱՊՀ-ի, ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Մնացականեան եւ Լաւրով անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին։ Համաճարակով պայմանաւորուած խնդիրներու դէմ պայքարի համատեսքին մէջ Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց հակամարտ բոլոր կողմերու անվերապահ յանձնառութիւնը՝ անցեալ ապրիլի 21-ին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ ընդունուած հնգակողմ յայտարարութեան դրութիւններուն նկատմամբ։

Հարկ է նշել, որ Մնացականեանի եւ Լաւրովի երէկուան հեռախօսազրոյցը յաջորդեց ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու, որ կազմակերպուեցաւ հեռավար դրութեամբ։ Զօհրապ Մնացականեան տեսակապի միջոցաւ ելոյթ մը ունեցաւ այս հաւաքոյթի ընթացքին եւ իր խօսքին մէջ կանգ առաւ նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին վրայ։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան հանգուցալուծումը հիմնուած պէտք է ըլլայ փոխզիջումներու սկզբունքի վրայ։ «Սա կը նշանակէ նաեւ կողմերէ որեւէ մէկուն առաւելապաշտական դիրքերու մերժումը եւ համադրումը այն պարտաւորութիւններու, որոնք կողմերը կը ստանձնեն հաւասարակշռուած, ամուր փոխզիջումի մը համար», ըսաւ Մնացականեան։ Բաց աստի, նախարարը ընդգծեց, որ Երեւան այս մօտեցումով ալ պիտի շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ լուծման հասնելու մտադրութեամբ աշխատանքը, կարգաւորման ջանքերու շրջանակներէն ներս։ Ան տեղեկացուց, որ սոյն ձեւաչափին համապատասխան կը շարունակուին խտացեալ աշխատանքները։ Մնացականեան ըսաւ. «Խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի։ Մենք նպատակադրած ենք շարունակել գործնական աշխատանքը։ Երկու տարիէ ի վեր մենք իրականացուցած ենք այդ գործնական աշխատանքը ու մտադիր ենք ապագային եւս շարունակել զայն։ Ուժի օգտագործումը եւ ուժի կիրառման սպառնալիքները կը մերժուին եւ այսօր հնչեցուած շեշտադրումները խստիւ անընդունելի են»։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՆԱՂԴԱԼԵԱՆ

Մինչ այդ, Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուած հրադադարի համաձայնութիւնը 26 տարեկան դարձաւ մայիսի 12-ին։ Այդ համաձայնութիւնը վերջ դրած էր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն։ Տարեդարձին առթիւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան հանդէս եկաւ հակիրճ յայտարարութիւնով մը։ Ան ընդգծեց, որ հրադադարի համաձայնութիւնը անժամկէտ է եւ անոր անշեղ իրագործումը, հրադադարի դրութեան պահպանումը առանցքային մասն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի՝ ներառեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ ապահովուած համաձայնութիւններու իրականացումը։ «Ատրպէյճանի կողմէ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառումը, ինչ որ կ՚ուղեկցուի բանակցութիւններու մէջ փոխզիջումները մերժող դիրքորոշումով, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գլխաւոր խոչընդոտն է», ըսաւ Աննա Նաղդալեան։

ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ

Միւս կողմէ, վերջերս ՄԱԿ-է ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրը։ Իբրեւ պաշտօնական փաստաթուղթ տարածում գտաւ այս յուշագիրը, որ հասցէագրուած էր ընդհանուր քարտուղարին։ Յուշագրին բովանդակութիւնը կը վերաբերի 1992 թուականին տեղի ունեցած Խոճալուի դէպքերուն, որոնք Ատրպէյճանի կողմէ ծաւալուած քարոզչութեան առարկայ կը դառնան։ Ստեփանակերտի պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ այս կապակցութեամբ Ատրպէյճան մեղադրուեցաւ կեղծարարութեան եւ ապատեղեկատուութեան քաղաքականութեան մը հետեւելով։ Այդ բոլորը կը կատարուին հայերու դէմ ատելութեան արմատաւորման նպատակով։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020