ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄՔ

Թուրքիա երէկ հերթական անգամ արտայայտեց իր հաւաքական կամքը կայունութեան ուղղութեամբ։ Հանրապետութեան նախագահի եւ 28-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւնները տեղի ունեցան բովանդակ երկրին մէջ։ Քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը դասուեցաւ մրցանիշներու շարքին՝ քանի ընտրողներու 86,28 տոկոսը փութաց քուէատուփի մօտ։ Երկրին տեսակէտէ լուրջ մարտահրաւէրներով ուղղորդուած իրավիճակի մը մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքը եղաւ իսկապէս պատմական եւ յստակ պատկեր մը ուրուագծեցին տեսանելի ապագային համար։

Թէեւ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան պարագային երկրորդ փուլը դարձաւ անխուսափելի, սակայն, արդէն յայտնի է, որ երէկուան ընտրութիւններով ստեղծուած հաւասարակշռութիւնները երաշխաւորեն երկրի շարունակականութիւնը։ «Ճումհուր» դաշինքի թեկնածուն Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ «Միլլէթ» դաշինքի թեկնածուն Քեմալ Քըլըչտարօղլու բուռն մրցակցութեան մը բռնուած էին եւ հանրային կարծիքի ընդհանուր սպասումները միանշանակ չէին։ Թէեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան առաջին փուլով չկրցաւ վերընտրուիլ, սակայն քուէներու 49,42 տոկոսը ստանալով առաջին հորիզոնականի վրայ դուրս եկաւ։ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն իրեն յաջորդեց՝ ապահոված ըլլալով ձայներու 44,95 տոկոսը։

Նախագահ Էրտողանի քուէարկութեան առաջին փուլէն յառաջատար դիրքի վրայ դուրս գալը եկաւ ապացուցանել, թէ չեն արդարացած այն հաշուարկները, ըստ որոնց՝ երկրաշարժով ալ բազմապատկուած առկայ տնտեսական դժուարութիւնները զանգուածային դժգոհութեան մը ալիք յառաջացուցած են երկրին մէջ։ Առաջին փուլին ապահովուած արդիւնքը անհրաժեշտ բոլոր նախադրեալները կը ստեղծէ, որպէսզի յաջորդ քայլափոխին՝ երկրորդ փուլին Էրտողանի առաջնորդած քաղաքական ճամբարին իշխանութիւնը վերարտադրուի։ Այս առումով առանցքային նշանակութիւն ունի խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքը։ Արդարեւ, Ազգային մեծ ժողովէն ներս ԱՔ կուսակցութեան գլխաւորած «Ճումհուր» դաշինքը ապահոված է մեծամասնութիւն։ Այս հանգամանքը նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին տեսակէտէ էական նշանակութիւն պիտի ունենայ։ Արդարեւ, ընտրողները պիտի հրաւիրուին այնպէս տրամաբանելու, որ խորհրդարանի յենարաններէն զուրկ նախագահ մը իշխանութեան գլուխ բերելու պարագային երկրէն ներս անկառավարելի վիճակ մը պիտի ստեղծուի։ Սա արդէն նախագահ Էրտողանի տեսակէտէ կարեւոր խաղաքարտ մը պիտի ըլլայ երկրորդ փուլով վերընտրուելու ճանապարհին։ Անշուշտ, երէկուան նախագահական ընտրութեան առաջին փուլէն երրորդ հորիզոնականի վրայ դուրս եկած եւ աւելի քան 5 տոկոս քուէ ստացած Սինան Օղանի ընտրազանգուածին վերաբերմունքն ալ պիտի ըլլայ կարեւոր գործօն մը։

Հուսկ, նախընտրական քարոզարշաւը պիտի շարունակուի նաեւ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն, մինչեւ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը, որ կը նախատեսուի մայիսի 28-ին։ Յամենայնդէպս, անզէն աչքով կարելի է դիտարկել, որ Թուրքիոյ մէջ, ընդհանուր առմամբ, ազգայնական տրամադրութիւնները վերելք կ՚ապրին բացարձակօրէն, ինչ որ բոլոր ուղղութիւններով պիտի պայմանաւորէ յառաջիկայ շրջանի ընթացքը։

Երէկուան ընտրութիւնները զուգադիպեցան Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելենական տարուան։ Իշխանական ճամբարը ժողովրդավարական խրախճանք մը կ՚որակէ ընտրութիւնները ու կը շեշտէ, որ թրքական ժողովրդավարութիւնը հերթական անգամ յաջողութեամբ դուրս եկած է կարեւոր քննութենէ մը։ Նախագահ Էրտողան այս ընտրութիւնները կը համարէր «Թուրքիոյ դար»ու սկիզբը։ Ան երէկ Իսթանպուլի բնակարանին մէջ հետեւեցաւ քուէներու հաշուարկին եւ իր համակիրներու սիրոյ ցոյցերու մթնոլորտին մէջ բնակարանէն դուրս գալով գիշերը օդային ճանապարհով ուղեւորուեցաւ մայրաքաղաք։ Էրտողան Անգարա հասնելէ վերջ մասնակցեցաւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնատեղիին առջեւ տեղի ունեցած աւանդական հանրահաւաքին, ուր պատշգամէն ելոյթ մը ունենալով ընդհանուր արժեւորում մը ըրաւ արդիւնքներուն շուրջ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց, որ մասնակցութեան ամենաբարձր համեմատութեամբ ընտրութիւնը տեղի ունեցած է եւ քուէարկութիւնը եզրափակուած՝ առանց որեւէ յատկանշական ցաւալի պատահարի։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2023