ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

Պրիւքսելի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակցութիւնները՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ եռակողմանի հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքները, Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն ու անվտանգութեան հասցէագրման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ գերիներու, անյայտ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներու վերաբերեալ հարցեր։ Կողմերու միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ, որպէսզի յունիսի 1-ին Քիշինեւի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունենայ հնգակողմանի հանդիպում մը, որուն բացի Փաշինեանէն, Միշելէն եւ Ալիեւէն, պիտի մասնակցին նաեւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց։ Բաց աստի, յուլիսին ալ, դարձեալ Պրիւքսելի մէջ Փաշինեան, Միշել եւ Ալիեւ վերստին պիտի մէկտեղուին՝ եռակողմանի ձեւաչափով։

Պրիւքսելի մէջ շաբաթավերջին կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան այս եռակողմանի ժամադրութեան շրջանակներէն ներս։ Շարլ Միշել շաբաթ երեկոյեան անպաշտօն հանդիպում մը ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ան կիրակի առաւօտ ալ տեսակցեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս երկկողմանի հանդիպումներէն վերջ սկսան եռակողմանի բանակցութիւնները, որոնք տեւեցին շուրջ չորս ժամ։ Եւրոմիութեան կեդրոնատեղիէն ներս Շարլ Միշել յայտարարեց, որ սահմանային խնդիրներու շուրջ դիտարկած են յառաջընթացն ու յաջորդ քայլերը՝ սահմանազատման ու սահմանագծման շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ղեկավարները համաձայնած են սահմանային հարցերու կապակցութեամբ երկկողմանի հանդիպումներու վերսկսման համար։ Ըստ Շարլ Միշելի, առաջնորդները հաստատած են միանշանակ հաւատարմութիւնը՝ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրին նկատմամբ։ Անոնք վերահաստատած են փոխադարձ ճանաչումը իրարու տարածքային ամբողջականութեան։ Բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը յառաջընթաց ունեցած են՝ նպատակաուղղուած ապաշրջափակելու համար փոխադրութեան ու տնտեսական հաղորդակցութիւնները։ Անդրադառնալով մարդասիրական խնդիրներուն՝ Շարլ Միշել յայտնեց, որ փոխադարձ ըմբռնում գոյացած է, որպէսզի ձերբակալեալ անձերը ազատ արձակուին յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին։ «Զինուորները, որոնք պարզապէս կորսուած են ու անցած՝ միւս կողմը, պէտք է շարունակեն ազատ արձակուիլ արագ ընթացակարգով», ըսաւ ան։ Ուստի, իր խօսքով, յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին ազատ կ՚արձակուին աւելի շատ կալանաւորուած անձեր։

«Մենք շարունակեցինք մեր կարծիքի փոխանակումները նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի բնակիչ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Ես խրախուսեցի Ատրպէյճանը, որպէսզի ներգրաւուի դրական օրակարգի մշակման՝ նպատակ ունենալով երաշխաւորել այս բնակչութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը՝ միջազգային հանրութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ։ Ես բարձրաձայնեցի Պաքուի եւ այս բնակչութեան միջեւ թափանցիկ ու շինիչ երկխօսութեան անհրաժեշտութեան մասին։ Կը կարծեմ, թէ կարեւոր է զերծ մնալ թշնամական հռետորաբանութենէ, բարեխղճօրէն ներգրաւուիլ եւ առաջնորդութիւն ցուցաբերել՝ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելու համար։ Եւրոմիութիւնը քօղարկուած օրակարգ չունի։ Մեր միակ նպատակն է Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին օգնել, որպէսզի հասնին համապարփակ ու արդար խաղաղութեան։ Մենք պատրաստ ենք նպաստել անոնց համատեղ ջանքերուն։ Մենք համաձայնեցանք Պրիւքսելի մէջ հանդիպումներ իրականացնել այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ է», նշեց Շարլ Միշել։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Շարլ Միշելի յայտարարութիւններուն մէջ շեշտուած է, որ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի կազմէն ներս։ Բաց աստի, որպէս երէկուան բանակցութիւններու մէջ ապահովուած յառաջընթաց՝ Շարլ Միշել դիտել տուաւ, որ կողմերը շատ մօտեցած են դէպի Նախիջեւան եւ Նախիջեւանի միջոցաւ երկաթուղիի վերագործարկման հարցին շուրջ։ Յստակ յառաջընթաց արձանագրուած է հաղորդակցութեան ու տնտեսական ուղիներու բացման ուղղութեամբ։ Առանց մանրամասնութիւններ յստակացնելու՝ Շարլ Միշել յայտնեց, թէ դիրքորոշումները այժմ շատ մօտեցած են՝ յատկապէս դէպի Նախիջեւան եւ Նախիջեւանի միջոցաւ երկաթուղիի վերագործարկման հարցին մէջ։ «Հիմա առաջնորդները իրենց խումբերուն յանձնարարած են աւարտին հասցնել համաձայնութիւնը երկաթուղային կապերու բացման եղանակներու եւ անհրաժեշտ շինարարական աշխատանքներու վերաբերեալ՝ յստակ ժամանակացոյցով։ Կողմերը համաձայնած են դիմել՝ Համաշխարհային մաքսային կազմակերպութեան աջակցութեան», ըսաւ Շարլ Միշել։

Յատկանշական է, որ Շարլ Միշել չյստակացուց, թէ արդեօք Իլհամ Ալիեւ հրաժարա՞ծ է «Զանգեզուրի միջանցքի» գաղափարէն։

Ըստ Շարլ Միշելի, տեղաշարժ արձանագրուած հարցերէն մին ալ սահմանագծումն է։ Փաշինեան եւ Ալիեւ պայմանաւորուած են, որպէսզի վերականգնուի սահմանային յանձնաժողովներու աշխատանքը, նաեւ համաձայնած են, որպէսզի վերջնական սահմանագծումը պէտք է տեղի ունենայ բանակցութիւններու միջոցաւ։

Ի լրումն այս բոլորին, Պրիւքսելի բանակցութիւններէն վերջ Շարլ Միշել ընդգծեց, որ նախորդ շաբթուան Ուաշինկթընի արդիւնաւէտ բանակցութիւններէն յետոյ, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ պէտք է պահպանել դրական յառաջընթացը ու պէտք է վճռորոշ քայլերու ձեռնարկել այդ պայմանագրի ստորագրման ուղղութեամբ։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Պրիւքսելի բանակցութիւններուն շաբաթավերջին արձագանգեց նաեւ Մոսկուան՝ միշտ ընդգծելով, որ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ ձեռք բերուած եռակողմանի համաձայնութիւններուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2023