ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԱՐԵԼԻ Է ԴԱՐՁՆԵԼ «ԿՐՕՆ»

«Երբ կրօնը կը միանայ քաղաքականութեան հետ, կը ծնի հաւատաքննութիւնը», կը գրէր Ալպէր Քամիւ: Ընդհանուր առմամբ, համաձայն եմ: Միայն թէ պէտք է պարզել, որ ինչ կը հասկնանք «կրօն» ըսելով եւ ինչ կը նշանակէ «հաւատաքննութիւն»:

Սկսինք երկրորդէն: Մէկ կողմ թողենք այն հանգամանքը, որ կաթոլիկ հաւատաքննութեան մասին պատմութիւնները, որոնք տարածուած էին 17-18-րդ դարերուն, խիստ ուռճացուած են, խեղաթիւրուած եւ, ինչպէս հիմա պիտի ըսէին՝ մանիփիւլաթիւ:

Ինձ այլ հարց մը կը հետաքրքրէ. արդեօք «մութ միջնադարէն» յետոյ տարբեր պետութիւններու մէջ իշխանութիւնները չէի՞ն քններ մարդոց հաւատը: Արդեօք հիմա չե՞ն քններ:

Ինչ խօսք, ժամանակները աւելի «հիւմանիստ» են, այլախոհները այժմ, որքան գիտեմ, չեն այրուիր կրակի վրայ: Հիմա անոնց վրայ քսի կու տան «ֆէյքերու ֆապրիքաները» կամ անոնց դէմ կը բանեցուին ալկորիթմները: Մահացու չէ, քիչ թէ շատ ամուր համոզումներով եւ ջիղերով մարդը անոր կը դիմանայ: Բայց ըսել, որ հիմա չկայ հաւատաքննութեան երեւոյթը, խիստ չափազանցութիւն կ՚ըլլար:

Հիմա կրօնը եւ «կրօնը»: Ենթադրենք, այս կամ այն երկրի մէջ տեղի ունեցած է յեղափոխութիւն մը, որմէ յետոյ մարդիկ կը բաժանուին երկու դասաւորման՝ անոնք, որոնք հաւատարիմ են «յեղափոխական գաղափարներուն» (սպիտակներ) եւ անոնք, որոնք այդ գաղափարներուն հաւատարիմ չեն (սեւեր): Արդեօք այս պարագային յեղափոխութիւնը «կրօն» չի՞ դառնար:

Երբ մարդը չէր ցանկանար երկրպագել Լենին-Սթալինին եւ չէր ցանկանար «ընկերվարութիւն կառուցել» ու ասոր համար կ՚ուղարկուէր «Կուլակ» (աշխատանքի համակեդրոնացման ճամբար), արդեօք սա չէ՞ր նշանակեր, որ համայնավարութիւնը «կրօն» է:

Երբ մարդը կը կասկածուէր «ձախ» հայեացքներու համար եւ զինքը այդ հիմքով աշխատանքէ կ՚ազատէին, արդեօք հակահամայնավարութիւնը «կրօն» չէ՞ր:

Եթէ մարդը «յատուկ ռազմական գործողութիւնը» կ՚անուանէ պատերազմ եւ բռնութիւն եւ այս պատճառով կ՚ազատազրկուի 10 տարիով, սա չի՞ նշանակեր, որ այդ մէկը «կրօն» է:

Խնդիրը, կրկնեմ, պատիժներու դաժանութեան մէջ չէ, անոնց աստիճանը համեմատելի չէ. խօսքը «կրօնական» մօտեցման մասին է:

Հիմա Հայաստանի մէջ ոստիկանները կը թաւալեն մարդոց գետնով ու կը ջարդեն անոնց գլուխները: Բայց Փաշինեանի երկրպագուները այստեղ եւ արտասահմանի մէջ կ՚ըսեն. «Քանի որ այս իշխանութիւնը ժողովրդավար է եւ յառաջադէմ, իսկ բողոքողները կղերական են, յետամնաց եւ «կրօնապետական», ուրեմն մարդոց գլուխները կարելի է ջարդել»: Այսինքն, կը ստացուի, որ ժողովրդավարութիւնը եւ յառաջադիմութիւնը նոյնպէս «կրօն» են:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024