ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան անհամբեր կը սպասէ՝ Եւրոմիութեան Խաղաղութեան հիմնադրամին ներառուելու որոշման։

Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ Քոփենհակի Ժողովրդավարական գագաթաժողովին, որու ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր, Քոփենհակի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Դանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութենէն դէմքերու՝ մանաւանդ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսենի հետ։ Պաշտօնատար անձերու առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ նաեւ Դանիոյ նախկին վարչապետ Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղարն է։

Քոփենհակի Ժողովրդավարական գագաթաժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան «Առաջնագիծ. Հայաստանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւնը» խորագրեալ ելոյթ մը ունեցաւ։ Ան նշեց, որ համաշխարհային ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի կողքին պէտք է կանգնի մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։

Վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին։ «Մեր տարածաշրջանի պատերազմը յետագայ զարգացումներու նախերգանքն էր», ըսաւ Փաշինեան եւ յոյս յայտնեց, որ Ատրպէյճան հաստատակամութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի հետ սահմանագծման մէջ։ Ան համոզուած է, թէ ժամանակն է՝ Երեւան-Պաքու պայմանաւորուածութիւնները ներառել խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի նախագծին մէջ եւ արդէն այդ փաստաթուղթը ստորագրել։

Միւս կողմէ, Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ ուշագրաւ պատգամներով հանդէս եկաւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Մալթայի արտաքին գործոց նախարար Իըն Պորկի տարածաշրջանային այցելութեան օրերուն։ Թէ՛ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ թէ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իըն Պորկի հետ տեսակցելու ժամանակ ընդգծեցին, որ ժամանակն է՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման համար։ Պայրամով շեշտեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ նախատեսուած խաղաղութեան համաձայնագիրը բաց կէտեր պէտք չէ ունենայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 15, 2024