ՖԷՅՍՊՈՒՔԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾԸ

Աշխարհի մէջ խոշորագոյն ծրագրաւորման ուսուցման հայ-ամերիկեան SoloLearn բջիջային հարթակը յաղթած է Facebook ընկերութեան կողմէ տրուող FbStart Apps of the Year (FbStart-ի տարուան յաւելուածները) գլխաաւոր մրցանակին:

Միջոցառումը կը գնահատէ FbStart ծրագիրին մէջ ներառուած ամենայաջողակ յաւելուածները՝ ամբողջ աշխարհէն, իսկ FbStar-ը Facebook ընկերութեան համաշխարհային նախագիծերէն է, որ կ՚օգնէ բջիջային յաւելուածներ մշակողներուն սկսելու եւ մեծցնելու իրենց գործը:

2015 թուականի Դեկտեմբերին հայ-ամերիկեան SoloLearn start up-ը ճանչցուած է Սիլիքոնեան հովիտի մինչեւ 10 ամերիկեան տոլար գանձատրմամբ ամենաարագ զարգացող տասն սկսնակ ընկերութիւններէն մէկը: Հաշուի առնելով հսկայական մրցակցութիւնը ծրագրաւորման ուսուցման շուկայի մէջ, SoloLearn-ը յաջողած է բաւական սեղմ ժամկէտի մէջ գրեթէ անհնարինի հասնիլ՝ իր ասպարէզին մէջ յառաջատար դառնալով աշխարհի մէջ: Անիկա բաղկացած է երկու բաժինէ՝ ուսուցում եւ խաղ, որու օգնութեամբ օգտատէրը կրնայ մրցիլ ընկերներու հետ, ծրագրաւորման խնդիրներ լուծել: Արդիւնքին, անոր մակարդակը, որպէս ծրագրաւորող, միշտապէս կ՚աճի:

SoloLearn-ը օգտատէրեր ունի ամբողջ աշխարհի մէջ, որոնց շուրջ 40 տոկոսը՝ Միացեալ Նահանգներէն:

Շաբաթ, Յուլիս 15, 2017