ԱՌԱՍՊԵԼԻ ՍԿԻԶԲԸ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպան նորոգ հանգուցեալ Արման Կիրակոսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Իր կորուստը վերջին օրերուն մեծ ցաւ պատճառած էր համայն հայ աշխարհին։ Դիւանագէտ ու պատմաբան Արման Կիրակոսեան ցաւ ի սիրտ հողին յանձնուեցաւ Երեւանի քաղաքական պանթէոնին մէջ։

Արման Կիրակոսեանի համար Երեւանի «Կոմիտաս» Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ կազմակերպուեցաւ սգահանդէս մը, որու ընթացքին հոգեւոր հայրերու կողմէ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Սգահանդէսին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որոնք խօսեցան դամբանականներ։ Արման Կիրակոսեանի ընտանեկան անդամները ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլոր յուղարկաւորներուն կողմէ, որոնք յայտնեցին բարոյական զօրակցութիւն եւ իրենց խոնարհումը բերին հանգուցեալի բարի յիշատակին առջեւ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ իսկապէս կուռ դամբանական մը։ Իր դիպուկ արտայայտութիւնները պայմանաւորուած էին այն հանգամանքով, որ Արմէն Սարգսեան եւ Արման Կիրակոսեան եղած էին երկարամեայ բարեկամներ ու լծակից ընկերներ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան դամբանականին մէջ ընդգծեց Արման Կիրակոսեանի կողմէ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կայացման ուղղութեամբ բերուած անփոխարինելի նպաստը։ Նախագահ Սարգսեան Արման Կիրակոսեանի կատարած մեծ գործը մեկնաբանեց անոր լուսահոգի հօր՝ Խորհրդային Հայաստանի հեղինակաւոր պետական գործիչներէն Ճոն Կիրակոսեանի մարմնաւորած կերպարի լոյսին տակ։ Նախագահ Սարգսեանի բանաձեւումով, Ճոն Կիրակոսեանի մահէն վերջ սկիզբ առած էր Ճոն Կիրակոսեանի առասպելը։ Այժմ, նոյն ձեւով, Արման Կիրակոսեանի մահը կու գայ ծնունդ տալ Արման Կիրակոսեանի առասպելին։

«Որպէս ոչ միայն ընկեր, այլեւ Հանրապետութեան նախագահ, մտածելով Արման Կիրակոսեանի մասին, անպայման իմ մտքին եւ սրտին մէջ կայ բառ մը, որ շատ էական է. Արման Կիրակոսեան, ինչպէս իր հայրը, պետական մարդ էր, նուիրուած իր ժողովուրդին, ազգին, մեր պետականութեան», ըսաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019