ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ՄԷՋ ԵՐԵՔ ՆԱՀԱՏԱԿ

Թուրքիա երէկ խոր յուզում ապրեցաւ Հաքքեարիէն հասած լուրերով։ Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան շարքայիններուն հետ ոստիկան զօրքերը ունեցան բախումներ։ Քաղաքի ոստիկան զօրաց հրամանատարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ ձեռնարկուած գործողութիւններուն ժամանակ չէզոքացուած է երեք ահաբեկիչ։

Նոյն բախումներուն ժամանակ դժբախտաբար երեք զինուոր ալ նահատակուեցաւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ներքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նոյն բախումներուն ժամանակ տասնապետ մըն ալ վիրաւորուած է։

Նահատակուած զինուորներն են՝ Սիւլէյման Եասին Աղըր, Ճենկիզ Թոքուր եւ Ալիմ Քեսքին։

Ներքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին վճռակամութեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019