Տ. ԱՒԻՆԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Տիգրան Աւինեան այսօր աշխատանքային այցելութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիգրան Աւինեան Նիւ Եորքի մէջ մասնակցութիւն կը բերէ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի Կայուն զարգացման հարցերով բարձր մակարդակի քաղաքական ֆորումին եւ այլ հաւաքոյթներու։ Այցելութեան ծիրէն ներս նախատեսուած են Աւինեանի հանդիպումները՝ ՄԱԿ-ի եւ այլ շարք մը երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ։

Նիւ Եորքէ վերջ Տիգրան Աւինեան կ՚ուղեւորուի նաեւ Պոսթըն։ Թէ՛ Նիւ Եորքի եւ թէ Պոսթընի մէջ ան կը մէկտեղուի նաեւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներու եւ հասարակական գործիչներու հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019