ՆՈՐ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ

Թուրքիա երէկ հիւրընկալեց տարածքաշրջանի երկու կարեւոր դերակատարներէն բարձրաստիճան հիւրեր։ Այսպէս, Իրաքի վարչապետ Հայտար էլ Իպատի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով շփումներ ունեցան Անգարայի մէջ։

Հայտար էլ Իպատի հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան եւ Էլ Իպատի նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք աւելի վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Էրտողան այս առթիւ շեշտեց, որ Իրաքի անվտանգութիւնը կը համարուի Թուրքիոյ անվտանգութիւնը։ Հիւր վարչապետն ալ բոլոր նիւթերու շուրջ զօրակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ ի նպաստ։ Ըստ Էրտողանի, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են քաղաքական, զինուորական, տըն-տեսական եւ մշակութային համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթեր։ Թուրքիա շեշտած է իր աջակցութիւնը Իրաքի տարածքաշրջանի ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան ի նպաստ։ Էրտողան դիտել տուաւ, որ Թուրքիա կը պատրաստուի Մուսուլի եւ Պասրայի իր հիւպատոսարանները վերաբանալ։ Երէկուան քննարկումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ խնդիրներ։ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ հիւր վարչապետի նկատառման յանձնած են թրքական կողմի ակնկալութիւնները՝ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ պայքարի կապակցութեամբ։ Թրքական կողմը զգայնութիւն արտայայտած է նաեւ Իրաքի թիւրքմեններու կացութեան եւ իրաւունքներուն շուրջ։ Էրտողան մատնանշեց, որ երկու երկիրներու առեւտուրի ծաւալը 11 միլիոն ամերիկեան տոլարի հասած է, սակայն թրքական կողմը բաւարար չի համարեր այդ մէկը։ Նախագահը շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Իրաք կը բաժնեն նոյն ճակատագիրը։

Իր կարգին, Էլ Իպատին ալ նշեց, որ Թուրքիա վերահաստատած է իր խոստումները՝ Իրաքի վերակառուցման աշխատանքներուն ուղղութեամբ։ Երկու երկիրները համակարծիք են սահմանային անվտանգութեան ամրապնդման շուրջ։ «Մենք չենք փափաքիր, որ Իրաքի տարածքը Թուրքիոյ դէմ օգտագործուի որեւէ կազմակերպութեան կողմէ։ Մենք Թուրքիոյ կողքին ենք սահմաններու պաշտպանութեան հարցին շուրջ», ըսաւ Էլ Իպատի եւ թրքական ընկերութիւններուն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի ներդրումներ ընեն Իրաքի մէջ։ Հիւր վարչապետը մատնանշեց, որ ուժանիւթի բնագաւառի պարագային ալ Թուրքիոյ հետ կը ծաւալեն քննարկումներ եւ խնդրոյ առարկայ է Քերքիւքի վրայով նոր նաւթամուղի մը բացուիլը։ Էլ Իպատի մատնանշեց, որ Պաղտատի ղեկավարութիւնը կ՚աջակցի Անգարային՝ սեփական արժոյթը պաշտպանելու վերաբերեալ ամէն տեսակ նախազգուշական միջոցի պարագային։

ԼԱՒՐՈՎԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ հիւրընկալեց իր ռուս պաշտօնակիցը։ Անգարայի մէջ Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ ի գործ դրուած պատժամիջոցները ապօրինի են։

Սերկէյ Լաւրովի Անգարա այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Դեսպաններու 10-րդ խորհրդաժողովին բերումով։ Ռուս նախարարը տարեկան այս հաւաքին մասնակցութիւն բերաւ, նաեւ ունեցաւ ելոյթ մը։ Օրուան տեւողութեան Չավուշօղլու եւ Լաւրով սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի գլխաւոր հարցն էր Սուրիոյ տագնապը։ Այս ամբողջին մէջ ներկայիս առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Իտլիպը։ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը կը պատրաստուին գործողութիւններ իրականացնել Իտլիպի մէջ։ Այս քաղաքը Իրաքէ ներս ձեւաւորուած՝ լարուածութենէ զերծ գօտիներուն մաս կը կազմէ։ Ռուս նախարարը նշեց, որ այդ գօտիի միւս տարածքներուն նման՝ Իտլիպի պարագային ալ որոշ պայմաններ ստեղծուած են։ Այդ պայմաններէն հիմնականն է՝ հրադադարի ծիրին մէջ ահաբեկիչներու չընդգրկուիլը։ Ըստ Լաւրովի, ահաբեկիչներէն պէտք է բաժնուին այն զինեալ խմբաւորումները, որոնք չեն փափաքիր մնալ իբրեւ ահաբեկիչ։ Մինչ Լաւրով շրջանի ահաբեկիչներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրեց, Չավուշօղլուն ալ պարզեց թրքական կողմի մօտեցումները։ Այսպէս, ահաբեկիչներու գոյութեան բերումով ամբողջ Իտլիպի ռմբակոծուիլը ողբերգութեան մը ծնունդ կրնայ տալ։ Չավուշօղլու յոյս յայտնեց, որ ռուսական կողմի հետ համագործակցութեամբ լուծում մը պիտի գտնուի Իտլիպի խնդրին։ Նախարարը շեշտեց, որ Անգարա անընդունելի կը համարէ քաղաքային ժողովուրդի ռմբակոծումը։

Տեղական մամուլին մօտ վերջին օրերուն այս նիւթին առընչութեամբ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին զանազան լուրեր, ըստ որոնց Իտլիպի պարագային նախատեսուած գործողութիւններուն զուգահեռ միջոցներ ձեռք պիտի առնուին՝ որպէսզի գաղթականներու նոր ալիք մը չյառաջանայ դէպի Թուրքիա։

Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին Չավուշօղլու եւ Լաւրով կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ հարցին շուրջ նախատեսուած գագաթաժողովին կապակցութեամբ։ Ծանօթ է, որ Թուրքիա ժողովի հրաւիրած է Ռուսաստանը, Գերմանիան եւ Ֆրանսան։ Լաւրով երէկ Չավուշօղլուին տեղեկութիւններ փոխանցեց ռուսական կողմի մօտեցումներուն առընչութեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018