«ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻ. ԱՐԱՐՈՒՄ»

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահէն ներս երէկ բացուեցաւ մեծ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին։ Հարկ է նշել, որ այս յոբելեանը ընդգրկուած է նաեւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայ տարուան յոբելեաններու ցուցակին մէջ։ «Յովհաննէս Այվազովսքի. Արարում» խորագրեալ այս ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած են աշխարհահռչակ արուեստագէտի բազմատասնեակ ստեղծագործութիւնները։ Այսպէս, 52 գեղանկար, 26 կրաֆիք, 20 վաւերագիր եւ այլ աշխատանքներ ներկայացուած են ցուցահանդէսի ծիրէն ներս։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը ներկայացուի Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հաւաքածոյէն «Քաոս. Աշխարհի արարում» հռչակաւոր կտաւը։

Ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, հոգեւորականներ, դիւանագէտներ եւ այլ բազմաթիւ պաշտօնատարներ։

«Այվազովսքին հիանալի ծովանկարիչ մըն էր, որ մասնաւոր ներդրումներ կը կատարէր մշակոյթի զարգացման գործին մէջ։ Ան կ՚երազէր համախմբել աշխարհի զանազան երկիրներէն ներս գործող հայ նկարիչները, որպէսզի միասնական ուժերով կարենային զարկ տալ հայ կերպարուեստի բարգաւաճման։ Այդ ժամանակ այս բանը կարելի չեղաւ, բայց այս ցուցադրութիւնը գուցէ ծառայէ այդ նպատակին։ Անցեալ տարի Թրեթեաքովեան պատկերասրահին մէջ Այվազովսքիի կտաւներու ժամանակաւոր ու բացառիկ ցուցադրութիւնը մրցանիշ մը սահմանեց։ Չորս օրուան ընթացքին 555 հազար արուեստասէր այցելեց այնտեղ։ Կը կարծեմ, թէ այս ցուցադրութիւնը Հայաստանի մէջ կրնայ սահմանել համապատասխան մրցանիշ մը», ըսաւ Արմէն Ամիրեան։

Բացման ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեան, որ յայտեց՝ թէ այս ցուցահանդէսը մշակութային մեծ իրադարձութիւն մըն է։ «Յովհաննէս Այվազովսքիի արուեստը սիրուած եւ ընդունուած է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Ան ստեղծած է աւելի քան 6 հազար կտաւ եւ այսօր այդ բոլորի միայն փոքր մէկ մասը Հայաստանի մէջ ցուցադրելու հնարաւորութիւն ունինք։ Այս ձեռնարկը կազմակերպելու ժամանակ կատարած ենք հսկայական գիտական աշխատանք, իրականացուցած ենք ուսումնասիրութիւններ, ինչու չէ, ըրած ենք նաեւ բացայայտումներ, արդիւնքին տպագրուած է հարուստ ալպոմ մը», ըսաւ ան։

Սա Հայաստանի մէջ ցայսօր կազմակերպուած Այվազովսքիի ամենամեծ ցուցահանդէսն է։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017