ԱՀՄԷՏ ՀԱՔԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Ահմէտ Հաքան այսօր հանդէս եկած է ուշագրաւ խորհրդածութիւններով։ Վերջին օրերուն Թուրքիոյ օրակարգին վրայ բաւական աղմկայարոյց եւ զգայացունց իրադարձութիւն մը կայ։ ՀՏՓ-ական քաղաքական գործիչ Այսէլ Թուղլուք, որ ազատազրկման դատապարտուած է, կորսնցուցած է իր մայրը։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին  ծայրայեղականներ հանդէս եկած են պախարակելի արարքներով, որոնց հետեւանքով Թուղլուքի մահացած մօր թաղումէն վերջ՝ ստիպողութիւն յառաջացած է գերեզմանը բանալու եւ դագաղը այլ գերեզմանատուն մը տեղափոխելու։ Պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքեր ալ պախարակած են այս արարքը։

Այսօրուան սիւնակին մէջ Ահմէտ Հաքան կը մատնանշէ, որ ծայրայեղականներու այդ արարքը բնորոշ-ւած է ալեւիներու եւ հայերու դէմ արտայայտուած թշնամանքով։ Ան համոզուած է, որ սա մեծագոյն ատելութեան յանցագործութիւն մըն է։ Այսպիսի յանցագործութիւնները կանխելու համար կան ճանապարհներ։ Ահմէտ Հաքան խորհուրդ կու տայ, որ իշխանութեան ամենավերին օղակները ձայն բարձրացնեն այս երեւոյթին դիմաց։ Յօդուածագրին համոզմամբ՝ ալեւիներու եւ սիւննիներու միջեւ խտրականութեան անհնարինութիւնը պէտք է շեշտուի ու որակուի անկրթութիւն։ Երկրորդ՝ իշխանութեան ամենավերին օղակները պէտք է յիշեցնեն, որ իրենց կուսակցութենէն ներս կայ հայ երեսփոխան մը։ «Մենք հայու թշնամի չենք։ Հայերը այս հողերու վաղեմի ազգերէն մին են», ըսելով ձայն պէտք է բարձրացուի։

Ահմէտ Հաքան նման արարքները կը համարէ անջատողականութիւն։ Արդարեւ, քառասուն տարիէ ի վեր զինեալ ահաբեկիչները չեն կրցած անջատել մեր երկիրը ու եթէ եւս քառասուն տարի ջանք թափեն՝ դարձեալ պիտի չկարողանան անջատել։ Բայց եւ այնպէս, ան վերոյիշեալ արարքը համարած է անջատողականութիւն։ «Շատ հիմնական քայլ մը առին զգացական ու մտային տեսանկիւնէն անջատելու համար այն երկիրը, զոր անջատել չեն յաջողած ահաբեկիչները», կը խորհրդածէ Ահմէտ Հաքան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017