ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

Իսրայէլէն խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Քնեսեթի փոխ-նախագահներուն՝ Թալի Փլոսքովի եւ Եոէլ Խասսոնի կողմէ կը գլխաւորուէր այս պատուիրակութիւնը։ Հարկ է նշել, որ Թալի Փլոսքով միեւնոյն ժամանակ Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս կը ղեկավարէ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը։

Հիւր պատուիրակութիւնը Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս Իսրայէլի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Գագիկ Մինասեան եւ «Հայաստան-Իսրայէլ» հասարակական ֆորումի նախագահ Հայկ Քոթանճեան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրերը՝ Եդուարդ Նալպանտեան գոհունակութեամբ նշեց, որ վերջին շրջանին կը նկատուի երկկողմանի փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժացում, թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ գործադիր իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Նախարարը համոզուած է, թէ պարբերական շփումները կը նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման։

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ իսրայէլացի խորհրդարանականները նշեցին, որ իրենց Հայաստան այցելութեան ծրագիրը բաւական յագեցած է, ինչ որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ զանազան մակարդակներու վրայ քննարկել համագործակցութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։

Նախարար Նալպանտեան կարեւորեց Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջխորհրդարանական ձեւաչափով համագործակցութիւնը՝ ընդգծելով երկու երկիրներու խորհրդարաններէն ներս գործող բարեկամական խումբերու դերը Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ։ Նալպանտեան նաեւ գոհունակութեամբ նշեց, որ «Հայաստան-Իսրայէլ» հասարակական ֆորումը կը դառնայ երկու երկիրներու հասարակութիւններուն միջեւ երկխօսութեան կարեւոր հարթակ մը, որու վկայութիւնն է այդ ֆորումի Երեւանի մէջ կազմակերպուած երրորդ նիստը։

Զրուցակիցները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ՝ կարեւորեցին իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը, ընդգծեցին գործարար կապերու խթանման անհրաժեշտութիւնը, անդրադարձան մուտքի արտօնագրային դրութեան ազատականացման հնարաւորութեան։

Հանդիպման տեւողութեան կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային շարք մը խնդիրներու շուրջ։

ՀԱՍԱՆՈՎԻ ԻՍՐԱՅԷԼ ԱՅՑԸ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ Հասանով այս ծիրէն ներս այցելեց Իսրայէլի շարք մը ռազմաարդիւնաբերական կեդրոններ։ Ատրպէյճանցի նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ այդ ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ՝ քննարկելով ռազմական փորձագիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Զաքիր Հասանով ծանօթացաւ նաեւ այդ ընկերութիւններու արտադրանքին։

Իր կեցութեան ընթացքին Հասանով տեսակցեցաւ նաեւ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանի հետ։ Հասանով այցելեց նաեւ Իսրայէլի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութիւն։ Հարկ է նշել, որ Զաքիր Հասանով առաջին անգամ Իսրայէլ այցելեց որպէս նախարար։ Յատկանշական է նաեւ իր այցելութեան ժամկէտը։ Արդարեւ, Ատրպէյճան Իսրայէլի մէջ արտադրուած անօդաչու սարքերով Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակման մասին լուրեր տարածեց եւ այդ լուրերով ստեղծուած գայթակղութենէն հազիւ քանի մը շաբաթ վերջ Զաքիր Հասանով մեկնեցաւ Իսրայէլ։

Ըստ հայկական աղբիւրներու, Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին կը քննէ իր երկրի հաւանական մասնակցութիւնը՝ հայկական դիրքերու վրայ կատարուած յարձակումները։ Մինչ այդ, Իսրայէլ սառեցուցած է Ատրպէյճանին յիշեալ սարքերը վաճառելու արտօնագիրը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017