ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ԴՊՐՈՑԻ ԲԱՑՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ։ Մայրավանքի համալիրէն ներս հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պաշտօնապէս բացուեցաւ «Էօրնէքեան» հանրակրթական դպրոցի նոր համալիրը։ Բացման արարողութեան հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ներկայ էր դպրոցի հովանաւորը՝ արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան։ Մասնակիցներու շարքին էին Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, օտար դիւանագէտներ եւ հիւրեր։

2001 թուականին հիմնուած այս դպրոցի ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ նոր համալիրի բացման առթիւ։ Արդի կրթական պահանջներուն համապատասխան այս համալիրը ունի 27 դասարան, 8 տարրալուծարան, ընթերցասրահ, գրապահոց, հանդիսութիւններու դահլիճ, ճաշասրահ, բուժման սենեակ, ուսուցիչներու աշխատանքային խորհրդակցութիւններու եւ հանգիստի սենեակներ։ Մէկէն մինչեւ տասներկրորդ՝ թիւով 32 դասարաններ կը գործեն այս դպրոցէն ներս, ուր ուսում կը ստանան 471 աշակերտներ եւ անոնց համար կը դասաւանդեն 58 արհեստավարժ եւ հմուտ կրթական մշակներ։

Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս նոր կրթական համալիրի օրհնութեան կարգը։ Հանդիսութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր պատգամը եւ տուաւ իր օրհնութիւնը Էտուարտօ Էօրնէքեանին։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց տարիներէ ի վեր Էտուարտօ Էօրնէքեանի կողմէ ներդրուած նպաստը Հայաստանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համար։

Ի նշանաւորումն բացման օրուան՝ Վեհափառ Հայրապետը, Սերժ Սարգսեան եւ Էտուարտօ Էօրնէքեան մշտադալար եղեւիններ տնկեցին դպրոցի բակին մէջ, ուր աշակերտներն ալ ներկայացուցին զանազան պարեր։

Պատուոյ հիւրերն ու բացման հանդիսութեան մասնակիցները շրջայց մը կատարեցին նորակառոյց համալիրէն ներս եւ այս առթիւ վկայեցին կեանքի կոչուած շինարարական ծրագրի փայլուն արդիւնքը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017