ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­րա­պե­տեան բարձր գնա­հա­տեց Մետ­վե­տե­ւի անձ­նա­կան ներդ­րու­մը՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ դաշ­նակ­ցա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի եւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փե­րով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Կող­մե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուե­ցան ա­ռա­ւե­լա­գոյնս ջան­քեր գոր­ծադ­րել ա՛լ ա­ւե­լի աշ­խու­ժաց­նե­լու հա­մար յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծե­ցին, որ գո­յու­թիւն ու­նին ակն­յայտ դրա­կան մի­տում­ներ՝ զա­նա­զան ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ա­ռեւտ­րաշր­ջա­նա­ռու­թեան ծա­ւալ­նե­րու ա­ճի բարձ­րաց­ման ա­ռու­մով։

Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի՝ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին Հա­յաս­տան կա­տա­րե­լիք այ­ցե­լու­թեան եւ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած ժո­ղո­վի կազ­մա­կերպ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն։

Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան շնոր­հա­ւո­րեց նաեւ ռուս վար­չա­պե­տի տա­րե­դար­ձը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017