ՏԻՏԻԷ ԲԱՐԱԿԵԱՆԻՆ «ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇ» ՄԵՏԱՅԼ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս հիւրընկալեց Մարսէյլի փոխ-քաղաքապետ Տիտիէ Բարակեանը, որ այցելեց Հայաստան։ Բարակեան միեւնոյն ժամանակ համանուն նորաձեւութեան տան հիմնադիր-տնօրէնն է։

Զրոյցի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Բարակեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Յակոբեան հանդիպման ընթացքին Տիտիէ Բարակեանին յանձնեց «Մխիթար Գօշ» մետայլը, որ անոր շնորհուած էր Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ ներդրած աւանդին համար։

Զրոյցի տեւողութեան Տիտիէ Բարակեան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն շնորհուած մետայլին համար ու շեշտեց, որ այդ մէկը կը ձօնէ իր ընտանիքին։ Բարակեանի խօսքերով՝ Սփիւռքը ուժ մըն է Հայաստանի համար եւ ատով հանդերձ իր ուժը կը ստանայ միայն Հայաստանէն։ «Ամէն անգամ մենք Հայաստան կու գանք՝ նախ եւ առաջ մեր նախնիներու հողէն լիցքաւորուելու, ուժ ստանալու, այստեղ հրաշագեղ հայերէնը սորվելու եւ մեր զաւակներուն փոխանցելու համար», ըսաւ Տիտիէ Բարակեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2017