ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Օրուան սկիզբին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց «Ֆրանսայի ձեռնարկութիւններու շարժում» կազմակերպութեան՝ MEDEF-ի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսական գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան օրուան տեւողութեան այցելեց Փարիզի քաղաքապետարան, ուր հիւրընկալուեցաւ քաղաքապետ Անն Իտալկոյի կողմէ։ Իսկ օրուան աւարտին Փարիզի «Կապրիէլ» սրահին մէջ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էլիզէի պալատէն ներս Փաշինեան հանդիսաւոր արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ Մաքրոնի կողմէ։ Արարողակարգային լուսանկարահանումէն վերջ երկու ղեկավարները բանակցութիւնները շարունակեցին աշխատանքային ճաշի ձեւաչափին մէջ։ Փաշինեանի կողքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներէն, Փաշինեան եւ Մաքրոն կանգ առին հայ-ֆրանսական համագործակցութեան խորացման վրայ։ «Համոզուած եմ, թէ մեր հանդիպումը նոր որակ մը պիտի հաղորդէ մեր առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններուն, որոնք հիմնուած են դարաւոր պատմական բարեկամութեան վրայ», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ։ Անոնք կարեւորեցին հակամարտութեան կարգաւորումը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափի շրջանակներէն ներս։ Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատեց համանախագահ երկիրներու, այդ շարքին Ֆրանսայի ջանքերը՝ ուղղուած հիմնախնդրի խաղաղ հանգուցալուծման եւ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան ապահովման։ Վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստան յանձնառու է շարունակել բանակցութիւնները հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ձեռքբերման հասնելու համար։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն պայմանաւորուեցան հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու համընդգրկուն օրակարգը աւելի մանրամասնօրէն քննարկել ֆրանսացի ղեկավարի Երեւան կատարելիք մօտալուտ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, որ պիտի նախորդէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուելիք գագաթաժողովին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2018