ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Գահիրէ, երէկ ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆետտահ Էլ-Սիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան վերահաստատեց Երեւանի պատրաստակամութիւնը՝ քայլերու ձեռնարկելու համար հայ-եգիպտական համագործակցութեան առաւել ընդլայնման եւ ամրապնդման ուղղութեամբ։ Որպէս համագործակցութեան գերակայ ուղղութիւններ՝ զրուցակիցները առանձնացուցին տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, ելեկտրոնային կառավարման, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան եւ գիտակրթական բնագաւառները։

Մնացականեան եւ Էլ-Սիսի բարձր գնահատեցին՝ աւանդական բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած Հայաստան-Եգիպտոս յարաբերութիւնները։ Անոնք արժեւորեցին եգիպտահայ համայնքի կամրջող դերակատարութիւնը՝ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց Եգիպտոսի պատմական դերակատարութիւնը եւ ներկայ փորձառութիւնը կրօնական բազմազանութեան եւ համերաշխութեան պահպանման ու ամրապնդման գործին մէջ։

Զրուցակիցները քննարկեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերու լայն շրջանակ մը։ Այս առընչութեամբ Զօհրապ Մնացականեան մտահոգութիւն յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութիւն արտածելու փորձերուն բերումով։ Այս ծիրին մէջ կարեւորուեցաւ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման միտուած միջազգային համագործակցութիւնը։

Գահիրէի մէջ, նոյնպէս երէկ, Զօհրապ Մնացականեան ընդունուեցաւ Էլ-Ազհար մզկիթի գերագոյն իմամ շէյխ Ահմէտ Մուհամմէտ Էլ-Թայիպի կողմէ։ Հանդիպման ժամանակ կարեւորուեցաւ հայ-եգիպտական դա-րաւոր բարեկամութիւնը՝ խարսխուած երկու ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի զգացումներով։ Մնացականեան ընդգծեց, որ իսկապէս գնահատելի է Եգիպտոսի կառավարութեան ջերմ եւ հոգատար վերաբերմունքը երկրի հայ համայնքին նկատմամբ։ Այս վերաբերմունքին շնորհիւ է, որ հայերը կարողացան պահպանել իրենց լեզուն, մշակոյթը, կրօնն ու ազգային ինքնութիւնը։ Ըստ նախարարին, կրօնական հանդուրժողութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան տեսակէտէ Եգիպտոսի փորձառութիւնը կրնայ լաւ օրինակ մը ըլլալ։

Հանդիպման ընթացքին երկուստեք մտահոգիչ համարուեցաւ աշխարհի զանազան անկիւններէն ներս ծայրայեղական դրդապատճառներով յանցագործութիւնները, կրօնական հիմքի վրայ խտրականութեան դրսեւորումները եւ քաղաքական նպատակներով կրօնի շահարկումը։ Այս ամբողջին մէջ զրուցակիցները շեշտեցին միջկրօնական հանդուրժողութեան եւ համերաշխ համակեցութեան կարեւորութիւնը։ Նախարար Մնացականեան նշեց, որ Հայաստան միջազգային զանազան ձեւաչափերով հետեւողական աշխատանք կը տանի կրօնական խումբերու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կրօններու բազմազանութեան ապահովման ուղղութեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020