ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։ Անոնք խտացեալ խորհրդակցութիւններ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման շուրջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Փարիզի երէկուան խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը։ Այսպէս, համանախագահները դիտարկեցին տարածքաշրջանի իրավիճակը՝ յատկապէս ուշադրութիւն կեդրոնացնելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ յուլիսին պատահած մագլցման յաջորդող իրադարձութիւններուն վրայ։ Համանախագահները ուշադրութեամբ դիտարկեցին ու գնահատեցին կողմերու մասնաւոր եւ հրապարակային հաղորդագրութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Անճէյ Կասպրչիկ միջնորդներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց՝ տեղւոյն վրայ տիրող անվտանգութեան իրավիճակին վերաբերեալ։ Ողջունելի համարուեցաւ դիտարկման գործընթացի վերսկսման ուղղեալ նախապատրաստութիւնը։

Համանախագահները հեռախօսազրոյց ունեցան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Միջնորդները այս առթիւ նախարարները հրաւիրեցին յառաջիկայ շաբաթներուն անձամբ հանդիպիլ համանախագահներուն հետ՝ համապատասխան դիրքորոշումներու յստակեցման նպատակով առանց նախապայմաններու լուրջ բովանդակային բանակցութիւններու վերսկսման համար։

Միջնորդներու յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ անոնք կը շարունակեն աշխոյժ եւ ամբողջական ներգրաւուածութիւն ցուցաբերել՝ յանուն խաղաղութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի համապարփակ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն։

ՊԱՔՈՒԷՆ ԿՈՉ

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց, որպէսզի լիբանանահայերու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերաբնակեցումը կանխուի։ Պաքու այս կապակցութեամբ դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին՝ կոչ ուղղելով միջոցներու ձեռնարկել «Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներու ապօրինի բնակեցումը կանխելու ուղղութեամբ»։

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հայաստան՝ օգտուելով Լիբանանէ ներս տեղի ունեցած ողբերգութենէն, սկսած է լիբանանահայեր վերաբնակեցնել Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքները հանդիսացող Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մէջ»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2020